ՀԵԸ երիտասարդները Հայոց ցեղասապանության թեմայով դասախոսություն են կազմակերպել Լիբանանում

Հայ երիտասարդաց ընկերակցության համալսարանականները Լիբանանում դասախոսություն են կազմակերպել «Հայոց ցեղասպանությունից մեկ դար անց» խորագրի ներքո: Այս մասին հայտնում է Լիբանանում «Արմենպրես»-ի թղթակիցը: Ներկայացնում ենք հոդվածն ամբողջությամբ:

«Հակառակ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանի հաւաստիքներուն, Թուրքիա կը դիմագրաւէ քաղաքական,ապահովական, ընկերային լուրջ մարտահրաւէրներ: Երէկի պատկառելի թիւ կազմով քրիստոնեայ համայնքը կոտորակներու վերածուած է այսօր: Անոր ապագան կը մնայ նոյնքան մութ, որքան դար մը առաջ..:

Դար մը եւ աւելի անցած է հայ ժողովուրդի դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած Ցեղասպանութեան: Թուրքիոյ յաջորդական իշխանութիւններ տակաւին կը խուսափին առ երեսուիլ պատմական ճշմարտութեան հետ եւ խոստովանիլ իրենց հրէշային ոճիրը:

Իսկապէս ին՞չ փոխուած է Թուրքիոյ մէջ Հայ ժողովուրդի դէմ գործուած Ցեղասպանութենէն հարիւր եւ երկու տարիներ ետք… ահա այս հարցումին պատասխանը ստանալու նպատակով, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Համալսարանական Ուսանողներու Համախմբումը, Հինգշաբթի, 27 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, հետաքրքրական միջոցառում մը կազմակերպած էր ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, դասախօսներ Ալին Օզինեանը եւ Ճաֆէր Սարըքայան հրաւիրելով, ներկայացնելու երկու կարեւոր նիւթեր:

Ի ներկայութիւն ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամներու, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին եւ անդամներու, ազգային հարցերու իրազեկ ընտրանիի մը, միութենականներու, բարեկամներու, ՀԵԸ-ի Համալսարանական Ուսանողներու Համախմբումի ատենապետ Ռաֆֆի Քելեշեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յարգելի դասախօսներուն:

Լիբանանահայ ծանօթ մտաւորական Կարօ Աբրահամեան ամփոփ տողերու մէջ ներկայացուց վերջին տարիներու պոլսահայ համայնքին զարթօնքը, վկայակոչելով թրքալեզու թերթերը եւ իսթանպուլահայ թրքագիր գրողներու հատորները, ծանօթ հայ գրողներու հայերէն ստեղծագործութիւններու թրքերէն թարգմանութիւնը: Զարթօնքի այս երեւոյթը նոր թափ կը ստանար Հրանդ Տինքի, պատրիարք Մեսրոպ Արք. Աշճեանի եւ Ֆեթհիյէ Չեթինի գործակցութեամբ: Շնորհիւ այս շարժումին,հոծ զա նգուած մը փնտռելու ելած էր իր արմատները…: Կարօ Աբրահամեան նաեւ գնահատեց Լիբանանի մէջ պոլսահայ զարթօնքը արժեւորելու իրողութիւնը:

ՀԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանական Ուսանողներու Համախմբումի վարչութեան անունով Պետիկ Թորոսեան (հայերէն եւ անգլերէն) ներկայացուց օրուան երկու դասախօսներ Ալին Օզինեանը եւ Ճաֆէր Սարըքայնը: Թրքագիտութեան Մագիստրոս Ալին Օզինեան, Երեւանի Պետական Համալսարանէն, քաղաքական գիտելիքներու պսակաւոր արուեստից վկայեալ: Ան, 2015 թուականէն ի վեր մաս կը կազմէ Armenian Assembly Of America-ին:

Ճաֆէր Սարըքայա՝ քաղաքագիտութեան եւ պատմութեան պսակաւոր արուեստից վկայեալ՝ Իսթանպուլի Եէտիթէփփէ Համալսարանէն: Ան մաս կը կազմէ Kurdish History Journal-ի խմբագրական կազմին:

Ալին Օզինեան խօսեցաւ Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումին մասին: Ճիշդ է, որ Ցեղասպանութենէն անցած է հարիւր եւ երկու տարի, սակայն քաղաքական, ընկերային, մշակութային, կրթական եւ այլ գետիններու վրայ հայերու հանդէպ Թուրքիոյ խորքային քաղաքականութիւնը կը մնայ անփոփոխ: Հայերու դէմ բռնութիւնները եւ կաշկանդումները շարունակուած են 1940-ականներուն, ապա 1955-56-ին,որուն հետեւանքով մեծ թիւով հայեր գաղթած են Թուրքիայէն: Այսօրուան դրութեամբ հայերը դարձած են գրեթէ աննշան փոքրամասնութիւն, երբ դար մը առաջ պատկառելի թիւ կը ներկայացնէին անոնք: Օզինեան ընդգծեց, թէ թուրքը կը մնայ թուրք, անկախ թէ կրնայ ըլլալ քեմալական, հանրապեական կամ Էրտողանի կուսակցութեան անդամ: Ան նաեւ մտահոգիչ տուեալներ փոխանցեց թրքահայ համայնքի կրթական, մշակութային առօրեայէն:

Ճաֆըր Սարըքայա ներկայացուց (անգլերէն) Սեւ ծովու տարածքին իսլամացած հայերու իրավիճակը: Իր նիւթը աւելի պատկերաւոր եւ հասանելի դարձնելու նպատակով, Ճաֆէր Սարըքայա նկարներ ցուցադրեց պաստառի վրայ: Ճաֆըր Սարըքայայի խօսքէն կարելի էր հետեւցնել, թէ Ցեղասպանութեան ողբերգութենէն ետք հայերու հանդէպ խտրականութեան քաղաքականութիւնը կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը, ապացոյց՝ Սեւ ծովու երկայնքին երէկի հայահոծ ոստաններուն այսօրուան իրավիճակը: Ամայացած են քաղաքներ, շրջաններ…: Անոնք՝ հայերը գաղթած են եւ կամ բռնի իսլամացած: Ան բարեբախտութիւն սեպեց, որ ներկայիս մեծ թիւով հայեր կը փորձեն վերադառնալ իրենց ինքնութեան:

Ալին Օզինեան եւ Ճաֆըր Սարըքայա պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն: Երեկոյի աւարտին ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Յակոբ Ճըղըլեան գնահատանքի յուշանուէրներ յանձնեցին զոյգ դասախօսներուն:

Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն»:

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում