Իշխան Սաղաթէլեան Թորոնթոյի Մէջ Հանդիպեցաւ Նահանգային Նախարարներու, Երեսփոխաններու եւ Քաղաքապետական Ներկայացուցիչներու Հետ

Իշխան Սաղաթէլեան Թորոնթոյի Մէջ Հանդիպեցաւ Նահանգային Նախարարներու, Երեսփոխաններու եւ Քաղաքապետական Ներկայացուցիչներու Հետ

ԵՐԵՎԱՆ, 6 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻ, Horizonweekly.ca: Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբեր, 2019-ին, Օնթարիօ նահանգի մայրաքաղաք՝ Հայաշատ Թորոնթոյի մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպումներ ունեցաւ նահանգային Նախարարներու, երեսփոխաննեու եւ քաղաքապետական ներկայացուցիչներու հետ՝ Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանէն եւ Թորոնթոյի քաղաքապետարանէն ներս:

Առաւօտեան, Սաղաթէլեան, ընկերակցութեամբ Օնթարիոյի նահանգային երեսփոխան, հայազգի Արիս Պապիկեանի, խորհրդարանէն ներս հանդիպեցաւ խորհրդարանի խօսնակ` Թէտ Արնոդի, իշխանաւոր պահպանողական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկաւար` Փոլ Քալանտրայի, նախարարներ Վիք Ֆիտելիի, Գարոլայն Մուլրոնիի, Տակ Տաունիի, Փիթըր Պէթլանֆալվիի, Սիլվիա Ճոնզի, Սթիվըն Լէչէի եւ շարք մը այլ երեսփոխաններու հետ։ Նախքան հանդիպումները, երեսփոխան Պապիկեան խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին ներկայացուց Իշխան Սաղաթելեանին, որ յոտնկայս ծափահարութեամբ ընդունուեցաւ խորհրդարանի դահլիճէն ներս։

Յէտմիջօրէին, Թորոնթոյի քաղաքապետարանէն ներս հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ու Արցախի ջերմ բարեկամ, նախկին դաշնակցային խորհրդարանի անդամ եւ ներկայիս Թորոնթոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ՝ Ճիմ Քարիճիանիսի հետ, որմէ ետք, Սաղաթելեան եղաւ Քարիճիանիսի ճաշի հիւրը։

Հանդիպումներու ընթացքին, Սաղաթելեանի կ’ընկերակցէին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Մհեր Գարագաշեան, Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ` Հուրի Նաճառեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար՝ Սեւակ Պէլեան եւ Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ՝ Յարութ Մաթոսեան:

Horizon Weekly Newspaper

Horizon Weekly Newspaper

Horizon Weekly Newspaper

Horizon Weekly Newspaper

Horizon Weekly Newspaper

Horizon Weekly Newspaper

Horizon Weekly Newspaper

Horizon Weekly Newspaper

 

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում