Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն վերականգնումը միջեկեղեցական շարժումին համար պէտք է դառնայ առաջնայերթութիւն. Արամ Ա.
Նմանատիպ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը ընդունեց Հոլանտայի եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ՝ Րընէ Տը Րէօվէր եպիսկոպոսը, որուն կ՚ընկերանար նշեալ խորհուրդի ծրագիրներու պատասխանատու Դոկտ. Ֆիժէ Տուիմի եւ տեղեկատուական բաժանմունքի խորհուրդի վարիչ Դոկտ. Րոպ Վան Ուիժընի։ Այս մասին տեղեկացնում է armchurch.info-ն։
Լիբանան եւ Սուրիա այցելութիւն տուող այս պատուիրակութեան նպատակն է մօտէն տեղեակ դառնալու եկեղեցիներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու նախաձեռնած ծրագիրներուն, յատկապէս Սուրիոյ տարածքին։ Արամ Ա.-ն լայն բացատրութիւններ տուաւ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն ընդհանրապէս ու հայ համայնքին մասին յատկապէս։
Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ քաղաքական ու ապահովական զարգացումներու լոյսին տակ, Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն օժանդակութիւնը պէտք է կատարուի վերականգնումի ու վերակառուցման ծրագիրներուն համար, բնականաբար առանց անտեսելու կարիքաւոր ընտանիքները…
Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում