Ֆէրիգիւղի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի այցը Պատրիարքարան
Նմանատիպ
Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 10 Հոկտեմբեր 2017, Երեքշաբթի, ժամը 16.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի։
Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ֆէրիգիւղի Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուէր 22 Հոկտեմբեր 2017, Կիրակի առաւօտ, ապա եկեղեցւոյ Շիրինօղլու սրահին մէջ պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան ի նպաստ Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ եւ Մերամէթճեան Վարժարանին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին նաեւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։
Տեղապահ Սրբազան Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած այցելութեան համար եւ լսելով այցելուներու ծրագիրներն ու նեղութիւնները, յորդորներ ուղղեց անոնց։ Նորին Սրբազնութիւնը, գնահատելով Ֆէրիգիւղի ընտանիքին կատարած աշխատութիւնները, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, իրենց գործունէութեանց մէջ։
Սկզբնաղբյուր՝ armchurch.info։
Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում