Դուն աղա, ես աղա, մեր ալիւրը ո՞վ աղայ

Դուն աղա, ես աղա, մեր ալիւրը ո՞վ աղայ

Պոլսի «Արաս» հրատարակչության կայքից տեղեկանում ենք հերթական գրքի ծննդի մասին, որտեղ մասնավորապես նշված է. «Դուն աղա, ես աղա, մեր ալիւրը ո՞վ աղայ» երգիծանքով ու իմաստութեամբ հիւսուած գիրքն մըն է, որ յատկապէս պիտի գրաւէ պատանի ու երիտասարդ ընթերցողներուն ուշադրութիւնը։ Ստանպուլահայ գրականութեան ամենաբեղուն գրիչներէն, «Նոր Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի այս գործը մուտք մըն է հայկական առածներու անսահման աշխարհէն ներս։

Հարիւր, թերեւս հազարամեակներ շարունակ ժոովուրդին քանի մը բառի մէջ խտացուցած այս խօսքերը Հատտէճեան կը մեկնաբանէ պարզ, հասկնալի ու նոյնքան հաճելի ոճով մը։

Փորձառու գրողը առածները վերլուծելու ժամանակ կ՚անդրադառնայ նաեւ առօրեայ կեանքին եւ ամէն պահ մեր հանդիպած կամ ենթարկուած ինչ-ինչ դէպքերու՝ գործ դնելով սուր դիտողի ու վարպետօրէն մեկնաբանելու իր տաղանդը։

Այս հրատարակութիւնը պատրաստուած է «Նոր Մարմարա» օրաթերթին մէջ հրատարակուած «Հայկական առածներու ներշնչումով» յօդուածաշարին ու համանուն գիրքին հիմամբ՝ անուանի երգիծանկարիչ Սարգիս Փաչաճըի չարաճճի նկարազարդումներով։ Երիտասարդներու եւ իրենք զիրենք երիտասարդ զգացողներուն համար լաւ առիթ մըն է հայերէնով կարդալու դիւրընթեռնելի ու հեզասահ գիրք մը…»:

«Առավոտ»

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում