ԱՄՆ Հայոց Արևելյան թեմի առաջնորդի պատգամը

ԱՄՆ Հայոց Արևելյան թեմի առաջնորդի պատգամը

Սիրելի Հաւատացեալներ,

Իմ օրհնութիւններս եւ ջերմ բարեմաղթութիւններս բոլորիդ,

Կը գրեմ ձեզի՝ որովհետեւ եկեղեցական եւ աշխարհական ցուցարարներու փոքր խումբ մը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաժարման պահանջով վերջերս Հայաստանի մէջ մտահոգիչ լուրեր կը տարածեն:

Անցեալ ամիսներու ընթացքին մեր Հայրենիքին մէջ ցուցաբերուեցան ժողովրդական կամքի նշանակելի արտայայտութիւններ, ներկայացուեցաւ Հայաստանի հազարաւոր քաղաքացիներու արդար պահանջքը՝ աւելի հարազատ եւ իրական հայրենի կառավարութեան մը կապակցութեամբ: Նոյն ազնիւ գաղափարները ի զօրու են նաեւ մեր սուրբ Եկեղեցիին համար: Սակայն, Եկեղեցին պարզ քաղաքական կազմկաերպութիւն մը չէ. այլ Յիսուսի Մարմինն է, յաւիտենական, տկար մարդկային արարածներու խորհրդաւոր եւ սուրբ հաղորդութիւնը ամենազօր Աստուծոյ հետ:

Իւրաքանչիւր Կիրակի Ս. Պատարագի ընթացքին կ’աղօթենք որ Աստուած պահպանէ Քրիստոսի սուրբ Եկեղեցին՝ եւ Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ պահէ զայն անսասան ու զօրաւոր: Մենք կը սպասենք որ մեր հաւատացեալները առաւել եւս զօրացնեն մեր եկեղեցին՝ խոհեմութեան ոգիով, քրիստոնէական ջերմեռանդութեամբ, արժանապատուութեամբ եւ սիրով: Հեռու պէտք է մնանք անձնական յարձակումներէն եւ խնդրայարոյց ցոյցերէն:

Այս պատգամով կը միանամ բոլոր աշխարհի Թեմական Առաջնորդ եղբայրներուս եւ եկեղեցականներուն՝ խնդրելով որ այս օրերուն մեր հաւատացեալները միշտ բարձր պահեն նկարագրի նոյն չափանիշը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը պաշտօնապէս ազգին կողմէ ընտրուած Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հայրապետն է, հոգեւոր հայրը Հայ Ժողովուրդին, եւ որ իւրաքանչիւր սուրբ Պատարագի ընթացքին աղօթք կը մատուցանենք Անոր համար: Ան զօրակցութիւնը ունի մեր հոգեւոր դասուն, յարգուած է աշխարհի տարածքին գտնուող Հայ ժողորվուրդին եւ քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներուն կողմէ: Այս իրականութեան կարելի չէ թեթեւօրէն կամ անյարգալից կերպով մօտենալ:

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի հոգեւորականաց դասուն եւ հաւատացեալներուն անունով կը վերահաստատեմ մեր զօրակցութիւնը Սուրբ Էջմիածնի միաբաններուն եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ին:

Մեր ժողովուրդը յուզող այս դժուարին շրջանին՝ աղօթենք որ Տէրը բոլորիս շնորհէ Իր առաջնորդութիւնն ու օրհնութիւնները:

Աղօթարար՝

Դանիէլ Վրդ. Ֆընտգեան

Աղբյուր՝ ter-hambardzum.net։

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում