Մեր Տունը․ Մուշեղ Իշխան
Նմանատիպ
Ամէն իրիկուն, պտոյտէն դարձին
Երբ կը մօտենանք մեր տան փողոցին,
Գառնուկի մը պէս որ կ՛երթայ փարախ՝
Դուն թեւըդ պարզած կ՛աւետե՛ս ուրախ
Հոն է, տե՛ս, հայրիկ, մեր տունը սիրուն:
Սիրտըս կ՛արիւնի թախիծով անհուն,
Բայց մունջ է լեզուս, իմ անտուն իշխան.
Անտեղեակ հայու քու բախտիդ դաժան՝
Չես գիտէր դեռ դուն որ խրճիթ մ՛անգա՛մ
Չունիս շէնքերու շարքին մէջ փարթամ:
Այն դռան սեմին, ուր կ՛երգես անհոգ,
Այսօր իսկ յանկարծ կրնայ գալ իրօք
Մարդ մը մեծազօր եւ իբրեւ տանտէր՝
Կրնայ մեր գլխուն արձակել շանթեր
Ու խլել ձեռքէդ բոյնըդ սիրասուն:
Ժպիտով օծուն ո՜վ ողբերգութիւն,
Ինչպէ՜ս պատմել քեզ որ չունինք մենք տուն,
Որ մեր հայրենի երդիքը զուարթ
Մարդիկ բարբարոս ըրին քար ու քանդ
Գիւղի մը դալար բարտիներուն տակ…
Դու, տղա՛ս, մեր տան ճրագը միակ,
Ես կը հաւատա՛մ որ պիտի կանգնես,
Սասունցի անյաղթ նոր Դաւիթ մ՛ինչպէս,
Օճախըդ աւեր մեր հողին վրան,
Եւ թեւըդ պարզած ըսես յաղթական.
Հո՜ն է, տե՛ս, հայրիկ, մեր տունը սիրուն…