Իշխան Չիֆթճեան. Զապէլ Եսայեանի Հետ Խանութէ Խանութ
Նմանատիպ
«ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ԽԱՆՈՒԹՆԵՐ»
Հասան կը հեռաձայնէ։ Կ’ուզեն գրական ձեռնարկ մը կազմակերպել, նաեւ Զապէլ Եսայեանէն ընթերցում մը կատարել… հայերէնով։ Եւ միտքը ես եկեր եմ։ Շատ աղէկ, բայց չզարմանալը անկարելի է։ Հայերէնը ո՞վ պիտի հասկնայ իր շրջանակին մէջ։ Թուրք, հայ եւ քիւրտ երեք գրողներէ գրական ընթերցումներ են խնդրոյ առարկայ ձեռնարկին բաղադրիչները, Համպուրկի այս ծայրամասին մէջ. իւրաքանչիւր հեղինակէ բնագիր եւ թարգմանութիւն (գերմաներէնի). Եսայեանի պարագային՝ ֆրանսերէնէ թարգմանուած, այսինքն՝ թարգմանութեան թարգմանութիւն. յետոյ կը տեսնեմ, որ թարգմանութիւնը կը կաղայ տեղ-տեղ, բայց հարցը այդ չէ։ (Եսայեան եթէ կը գրէ, օրինակ, «… ցրիւ բուրմունք…, երանգ, լոյս եւ երազ…», գերմաներէնը կը թարգմանէ՝ «… շատ բոյրեր, գոյներ եւ լոյսեր»։ Երազ-ը մէկդի նետուած է, ցրիւ-ն ալ՝ շատի վերածուած)։ Թարգմանութիւն մըն է, ի վերջոյ։ Բայց թարգմանչուհիին համարձակութեան նայէ՛. ամբողջ հատոր մը կազմել, հատուածներ այս-այն հայ գրողէն, առանց հայերէն գիտնալու, ֆրանսերէն թաղգմանութեան վստահելով…։ Ինչպէս ատենին Հայաստանի մէջ մայր ռուսերէնի թարգմանուած կտորներ անկէ անհամ-անհոտ կը թարգմանուէին սովետական աշխարհի որդի լեզուներուն։ Քաղաքակրթեալ Արեւմուտք… կեցցե՛ս, մեռցո՛ւր լեզուները։ Ու հիմա, գոնէ Եսայեան հատուածաբար կամ կաղն ի կաղ, ինչպէս որ է, ներկայ է գերմանացի ընթերցողին համար։ Շնորհակալ պիտի ըլլանք։ Մանրամասնութիւններով ո՞վ կը զբաղի։
Հասան ձախակողմեան թուրք է, նախկին կոմունիստ, որ իր գաղափարակից ընկերներուն հետ կը հաւատայ, որ քառասուն տարի առաջ հոն չեղածը այսօր կարելիութիւն դարձած է հոս. բանտ, ծեծ եւ հալածանք հայրենիքէն այսօր իրենց պատասխանը կը ստանան, թերեւս, ժամանակի ու վայրի հեռաւորութենէն։ Կարելի է հիմա խօսիլ նաեւ արգիլուած նիւթերուն մասին։ Եւ արգիլուած պտուղները նաեւ քիւրտերն ու հայերն են իրենց համար, անոնց մշակութային ժառանգութիւնը։ Բազմագոյն Թուրքիոյ մը տեսլականը կայ։ Կամ ալ՝ այդ բազմագոյնին տակ իրենց կարմիրը ներկելու ձեւ մը։ Բազմագոյն կարմիր։ Հոս, հիմա ընդհանրական կարեւորը այդ չէ։ Կարեւորը, նոյնիսկ, Զապէլ Եսայեանին ալ Հայաստան երթալով կարծեցեալ կարմրացումը չէ. թող իրենք՝ կարմիրները այդպէս հասկնան։ Կարեւորը Զապէլին ձայնն ու ներկայութիւնն է։ Պարունակն ու առիթը, որ զինք կրնան յիշեցնել, յիշողութեան առարկայի վերածել։ Հասան նոյնիսկ տուեալ քաղաքապետութեան առաջարկած է, որ փողոց մը Զապէլ Եսայեանի անունով կոչուի, կ’երեւի խանդավառուած Փարիզի օրինակէն, բայց դժբախտաբար չէ յաջողած։ Քաղաքապետական Խորհուրդին մէջ քսան հոգի հիմա գոնէ Զապէլ Եսայեանի մը ով ըլլալը գիտցաւ, կը յիշեցնէ Հասան, թէեւ հակափաստարկը եղած է այն, որ Համպուրկի այս քաղաքամասին հետ Եսայեան որեւէ առընչութիւն չունի։ Ուրկէ՞ բերել, առընչել, կարմրցնե՞լ, ընչութեան դիմաց, քով, մօտ բերել զայն։ Եւ ի՞նչ է արդեօք այդ ընչութիւնը։
Բանաստեղծութիւնը խանութները կը տանին, դուրս կը բերեն գրականութիւնը իր դասական պարունակէն։ Կը փորձեն։ Կը հրամցնեն զայն այլ վայրերու մէջ։ Այս պարագային եւս աշխարհագրական վայրերը, անոնց փոփոխութիւնները կարեւոր են։ Նոյն տուեալը՝ տարբեր տեղ։ Ոչ թէ տուեալը փոխել, այլ՝ միջավայրը։ Բանաստեղծութիւնը՝ այլատեղ։ Հոս խօսքը չի վերաբերիր գրողներու ու գրականութեամբ հետաքրքրուողներու խումբի մը, որ այսինչ տեղը կը հաւաքուի. հոս հաւաքատեղին է, որ ինքզինք կը փոխէ։
Հետաքրքրուողներ ալ կան. երեսուն-քառասուն կարելի է հաշուել։ Երեք խանութները, որոնք իրարմէ հեռու ալ չեն շատ, կ’այցելենք յաջորդաբար։ Առաջին խանութին տէրը ատանացի արաբ մըն է, վարսայարդար եւ սափրիչ, քանի մը տասնամեակ առաջ հոս հաստատուած։ Հոն կը կարդացուի Եաշար Քեմալի մէկ վէպէն հատուած մը. ի միջի այլոց՝ խոշոր թիթեռնիկ մը. այնքան խոշոր, որ կարծես թռչուն ըլլար։ Պատանին կը մօտենայ, որ ստուգէ, ու ահա թիթեռը կը թռի… ։ Երկրորդ խանութին սեփականատիրուհին հագուստ-կապուստ եւ զարդեղէն վաճառող տիկին մըն է, քիւրտ կամ թուրք։ Հոն կը կարդանք «Սիլիհտարի Պարտէզներ»էն հատուածներ։ Ի միջի այլոց.
«Այգիներէն անդին, թրքական թաղերն էին հոյակապ մզկիթներով, որոնց սլացիկ եւ ճերմակ մինարէները կ’ընկերանային սեւ նոճիներու։ Հեռուէն կ’երեւէր նաեւ Վոսփորի կապոյտ եւ փայլփլուն ժապաւէնը, ուրկէ անդին Սթամպուլի սիլուէթը, որ, առաւօտները վարդագոյն, օրուան մէջ ոսկեգոյն եւ իրիկունները կապտորակ մշուշի մէջ շղարշուած, կը թուէր յարափոփոխ, երանգաւոր ու երազային երկիր մը»։
Այսքան գունայորդ պոլսապատկերը, – հաշուեցէ՛ք միայն գոյները՝ ճերմակ, սեւ, կապոյտ, վարդագոյն, ոսկեգոյն, կապտորակ… – հարկաւ ոչինչ կ’ըսէ ունկնդիրներուն, ոչինչով կը թարգմանուի անոնց, որոնք լեզուն չեն հասկնար, թէեւ հասկացողութիւն կը ցուցաբերեն անոր հանդէպ, չարչրկուած բայով մը՝ կը հանդուրժեն, զայն պարզապէս ունկնդրելով։ Կայ նաեւ գերմաներէն թարգմանութիւնը։ Ներկայ է նաեւ հայաստանցի տիկին մը, որ, այո՛, Եսայեանի անունը առաջին անգամ կը լսէ հոս, եւ երբեք զարմանալի չէ այս մէկը։ Բայց պէտք է ըսելիքս ըսեմ, չէ՞, ընթերցումէն ետք, քանի մը խօսքի ընթացքին։ Սազ նուագողը, քիւրտ, սեբաստացի է։ Սեբաստիոյ շուկային լեզուն հայերէնն էր, դար մը առաջ, գիտէ՛ք, կը յիշեցնեմ, թուրք ու քիւրտ վաճառորդներ որոշ հայերէնի մը կը տիրապետէին։ Հարիւր տարի առաջ կարելին, հայերէնը, ինչո՞ւ այսօր դառնայ անկարելի։ Դառնաք վերջապէս այնքա՜ն հանդուրժող, որ սորվիք նաեւ այս լեզուն՝ հաճոյքի, համի համար, ոչ միայն վաճառականութեան նպատակով, շահու աղբիւրի վերածելու համար, ինչպէս ատենին Սեբաստիոյ շուկային մէջ, նոյնպէս ալ այսօր Սփիւռքի կարգ մը շուկաներուն վրայ, ուր «արեւմտահայերէնը կարեւոր է» ըսողներուն ու գրողներուն թիւը չէ, որ կը պակսի, ոչ ալ անով շուկայական առուծախ կազմակերպողներուն ճամարտակութիւնը, որոնց շահը իսկապէս անկարելի է ըմբռնել, այնքան անձնական ուրախութիւն մը ըլլալուն համար, թերեւս։ Այո, սորվիլ վասն համին այնորիկ, որ հարկաւ խորովածին հետ չի կրնար մրցիլ։ Բայց գիտենք, դուք ալ գիտցէք, որ ոչ միայն քարէն, այլեւ ցեխէն ու աղտէն Աբրահամի որդիներ կարելի է ստեղծել։
Այս բոլորը սեբաստացի քիւրտ նուագածուին չըսուեցան, անշուշտ, մի՛ մտահոգուիք։
Կարդացուող երրորդ հեղինակն ալ քիւրտ է՝ Ճիկերխուան, հռչակաւոր, ինծի անծանօթ։ Երրորդ խանութը արեւելեան սրճարան մըն է, ուր յատկապէս քիւրտ տղամարդիկ կը խմբուին։ Թէյ, սուրճ, սիկարէթ, թղթախաղ եւ այլ խաղեր։ Եւ յաճախ նաեւ՝ սիկարէթին մառախուղը։ Ֆութպոլի կարեւոր խաղ մը կայ, որ կ’աւարտի՞, կարելի կ’ըլլա՞յ հեռատեսիլը մարել. շատ լաւ չեմ հասկնար։ Այցելուներս կը մտնենք ու ընթերցումը ծայր կ’առնէ, որուն զուգահեռ, սրճարանին յետսամասը գրաւած ամէնօրեայ յաճախորդները իրենց խաղով եւ զրոյցով զբաղած են, անոնցմէ ոմանք մեր ներկայութիւնն անգամ չեն նկատեր։ Անոնց բացայայտ անտարբերութիւնը ինծի կը յիշեցնէ անընդհատ «արեւմտահայերէնը կարեւոր է» ըսողներու հայոց բանակը, որուն քիթին տակ երբ բերես ու դնես լեզուն, ոչ մէկ հակազդեցութիւն կ’ունենայ, ու որքան հեռանայ լեզուէն՝ այնքան աւելի կը խօսի անոր կարեւորութեան մասին։
Քիւրտ երիտասարդ մը կը կարդայ Ճիկերխուանի սիրային քերթուածներէն, ու յետոյ, զրոյցին ընթացքին կը խոստովանի, որ ինք քրտերէնը այս մարդուն բանաստեղծութեան ծանօթանալով սկսած է սորվիլ ուշ տարիքին։ Ապա կը սկսի քրտերէնով իր գրած ռեփը երգել, որուն իբրեւ յանկերգ մենք խումբով պէտք է արձագանգենք՝ «Ո՞վ եմ ես»։ Աւելի ուշ սրճարանատէրն է, որ Ահմէտ Արիֆէն կտորներ կ’արտասանէ՝ ներշնչուած։
Եւ ընթերցումով խանութները կը վերածուին բանաստեղծութեա՞ն խանութներու… ։ Կա՞յ ամբողջական կերպարանափոխում։ Կը պատմուի, որ Հրաչ Զարդարեան իր ատամնաբուժարանը շաբաթը մէկ օր կը փակէր եւ զայն գրական հանդիպումներու կը տրամադրէր։ Միայն կարելի է յուսալ, որ խանութները երբեմն դուրս գան իրենց բուն իմաստէն եւ դառնան հիւրընկալ ուրիշ բան մը, որ օտար է իրենց սկզբնապէս, բայց որ կրնայ մտերիմ դառնալ։
Դէպի ներս
Բնական է, որ յետեղեռնեան սփիւռքեան համայնքը, հասած, հաստատուած օտար միջավայրին մէջ, Միջին Արեւելք կամ Արեւմուտք, ունենայ թէ դուրսին՝ շրջապատող օտարին հետ հաղորդակցութեան, թէ ներսին՝ ինքն իր շրջանակին հետ յարաբերութեան երկու տարբեր մակարդակ։ Երկու մակարդակներն ալ ունին իրենց կարեւորութիւնը։ Յաճախ այդ երկու ինքնաներկայացումները եւ ինքնազգացողութիւնները կը տարբերին իրարմէ։ Ուրիշին ներկայանալ այսպէ՛ս ու ներքին շրջանակին մէջ ըլլալ այնպէ՛ս։ Ներքին եւ արտաքին ճակատները, երբեմն, ոմանց պարագային, կը նոյնանան, երբեմն ալ մէկ ճակատը վնաս կը կրէ ի հաշիւ միւսին։ Մէկէն միւսը անցումը ինքնութենական դժուարութիւններ կը յառաջացնէ ոմանց համար։ Մենք մեզի հայ ըլլալ, օտարին համար հայ ըլլալ։ Երկու ճակատ։ Ասոնք երբեմն հակասութիւններ կը յառաջացնեն։ Սակայն սփիւռքահայը եւ Սփիւռք հասած հայաստանցին, նոր սփիւռքահայը, յատկապէս վերջին երկու տասնամեակէն ի վեր, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ետք, քիչ թէ շատ, գիտակից կամ անգիտակից, ներքին որոշ հասունութիւն մը ձեռք ձգած են եւ ըստ այնմ գիտեն՝ ո՞ւր ի՞նչ ըլլալ, ինչպէ՞ս վարուիլ, ինչպէ՞ս ներկայանալ։
Հայկական «օտարամոլութիւն»ը Պարոնեանէն ի վեր կը շահարկուի։ Մենք օտարին համար սանկ կ’ընենք, նանկ չենք ըներ։ Օտարին համար կ’ըլլանք այն, ինչ որ մենք մեզի չենք։ Ասոնք ընկերաբանական ու հոգեբանական երեւոյթներ են, որոնք շատ հեռու կրնան երթալ։ Այստեղ իմ ուշադրութեանս առարկայ կ’ուզեմ դարձնել երեւոյթ մը, որ ի վնաս ներհայկական կազմաւորումին կը գործէ։ Այսորակ օտարամոլութիւնը կը սիրէ դուրսին ներկայացնել իր մշակոյթը, յատկապէս երգուպարով, սակայն այդ նոյն արուեստին զարգացման հետամուտ չէ։ Ինծի ծանօթ գերմանահայ շրջանակէն օրինակները ցոյց կու տան, որ տուեալ համայնքը շատ քիչ պահեր ունի, ուր ինքզինքին՝ դէպի ներս դարձած լուսարձակ կը գործածէ։
Գրահանդէս եւ ընթերցում, դասախօսութիւն, համերգ, պար ու պտոյտ կը ջանան մեր ունեցածը հրամցնել, ցոյց տալ, դէպի դուրս ծանօթացնել, յաճախ պատահական ձեռնարկներով։ Պիտի ըսենք ու գիտակցինք, որ ատկէ անդինի հասունացման նպաստող պայմանները չկան։ Աւելի ճիշդ՝ չենք ստեղծեր, կարիքը չենք զգար։ Ո՞վ է որ կարիքը կը զգայ եւ զգացուածին տեղը կը բանայ։ Յստակ օրինակ մը տալու համար՝ ճաշասեղանին վրայ այս կամ այն կերակրատեսակը կամ խմիչքը կը պակսին ու մէկը կը մատնանշէ անոնց բացակայութիւնը, անոնց աւանդական, համեղ կամ այլ իմաստով կարեւոր ըլլալու հանգամանքը ներկայացնելով։ Մասնաւոր համին յիշեցումը կատարուի։ Ոչ այնպիսի հրապարակագրութեամբ, որ ինքն իր պոչը խածնող շան նման ինքնակրկնութեան շրջանակ մը կազմած է, այլ համիմաստին բերումով ու փարումով առօրեային, առօրեայէն շատ հեռու գացող։
Հայաստանի մէջ այս տարի տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը, որ նախկին վարչակարգի հիմնական տարրերու փոփոխութեան վրայ աշխատելու ճամբան գտած պէտք է ըլլայ, կրնայ լաւ օրինակ ըլլալ Սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւններու մէջ մաքրագործութեան աշխատանքին, ուր հին, հինցած, ապականած տարրը բաւական արմատացած ներկայութիւն է ի գին նոր, նորանալի ու… (թէեւ ապականութիւնը ամէն ժամանակի եւ սերունդի կրնայ վերաբերիլ) ապականութենէն հեռաւորութիւն պահող տարրի մը, որ յուսով ենք, որ պիտի գայ դեռ։ Ներհայաստանեան, ներհայկական հարցերու առաւել բիւրեղացումը, քննական՝ հաւաքապաշտ կամ անհատապաշտ մօտեցումներով, Հայաստան եւ Սփիւռք, դէպի ներս նետուած հայեացքով մը կրնայ մանաւանդ երիտասարդական շարքերէն գալ, որոնք սակայն համացանցի վրայ իսկ այնքան անկազմակերպ պատկեր մը կը պարզեն։ Ասիկա զուտ հայկական երեւոյթ չէ, բնականաբար։
Մենք մեզի մեզ մտածենք ու մեր հաշիւը ընենք, ամէն համայնք իր նեղ շրջանակը գծէ, օտարին ալ մասնակցութեամբ հարկաւ։
Արեւմտահայերէնը
Երբեմն (գեր)արդիականութեան անուան տակ կայ այնպիսի հասկացողութիւն մը, ըստ որում, լեզուն, այսպէս կոչուած, «ձիաւոր» մըն է, որ կը վազէ մեր առջեւէն եւ մենք երբեք չենք կրնար հասնիլ անոր, ստիպուած ենք հետեւելու անոր, ուր որ երթայ։ Լեզուն ինքզինք կը կազմէ, մեզմէ անկախ։ Իբրեւ թէ։ Ասիկա կարելի է ըսել չեմ-գիտեր-ինչպիսի՞ լեզուի մը մասին։ Այն լեզուն, որ չ’ուսուցուիր, դպրոցական, ուսումնական համակարգի մը մէջ չկայ ու միայն փողոցի ու խոհանոցի մէջ ներկայութիւն է, հաւանաբար կրնայ այս ճակատագիրը ունենալ։ Սակայն այն լեզուն, որ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ կ’ուսուցուի, կը խօսուի, որուն քերականութիւնն ու գրականութիւնը զարգացումի փուլեր կ’ապրին ու վէճի, քննարկումի առարկայ կը դառնան անոր լեզուական, քերականական ու գրական այս կամ այն երեսները, անընդհատ աներեւութացող ձիաւորի մը չի կրնար վերածուիլ, այլ կը լծուի, եթէ պէտք ըլլայ, եզան նման, արօրին, որ ակօս կը բանայ հողին վրայ, եւ ոչ թէ օդին մէջ։ Հողագործ եւ եզներ կրնան այս գործը կազմակերպել։ Կան կազմակերպութիւններ ու հաստատութիւններ, որոնք յաջողութիւն չեն արձանագրեր լեզուով իրենց ուսանողներն ու աշակերտները խանդավառելու, պարզ այն պատճառով, որ իրենք ալ կամ տեսլականի պակասէն կը տառապին, կամ փոխանցումի հնարքներու չեն տիրապետեր, կամ չեն գիտեր, օրինակ տալու համար, որ Վարդան Մամիկոնեանը Վարդան Պասթրմամիկոնեանին հետ ի՞նչ կապ կրնայ ունենալ ընդհանրապէս եւ պատանին աւելի երկրորդը կը հասկնայ քան առաջինը, եւ իրենք անկարող են երկրորդին մէջէն առաջինը մատուցելու։
Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան փայլուն օրինակ մըն է անկարողութեան դրսեւորումի։ Երբ տուեալ անձը արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի չի տիրապետեր, կը նշանակէ, որ իր կատարած փոխադրութիւնը տարրական սխալներ ունի։ Բայց կարդացող կա՞յ։ Կարելի է երգիծական ամբողջ գրականութիւն մը կեանքի կոչել այդ էջերէն եւ շատ հաւանաբար ա՛յս էջերը բազմաթիւ ընթերցողներ ունենան…։
Կը պատահի որ փորձառու, խելացի, ձեռնհաս եւ բանէ հասկցող մասնագէտներ ու հետաքրքրուողներ հանդիպին ու խորհրդակցին, ըսենք, նշանաւոր համալսարանի մը մէջ։
Շատ ալ լաւ գաղափարներու փոխանակումներ կ’ունենան, հեռուէն կամ մօտէն կարելի է լսել, շինիչ ու շինարար քննադատութիւններ ու ախտաճանաչումներ։ Արդի՞ւնք։ Անոնք նոյնիսկ ի վիճակի չեն ըլլար զեկուցումները հրատարակելու։ Եւ հարցը նիւթական՝ դրամական նեղութիւնն ալ չէ։ Մենք կը գտնուինք կարող անկարողութեան անհասկնալի մակարդակի մը վրայ, ուր միջոցներու երակները չեն շօշափուած, ուր յումպէտս մսխումներ կը կատարուին կազմակերպչական, տօնախմբական եւ իբրեւ թէ… յանուն արդիականացման, մինչդեռ արդիւնքը կը մնայ… ապագայի երգ։ Հարկաւ հասկնալի է, մասամբ, որ տարիներու վրայ կատարուելիք աշխատանքի մը արդիւնքին հարկաւոր է նաեւ տարիներ սպասել։
Եթէ Սփիւռքի մէջ դպրոց փակելը «Հայաստանակեդրոնութիւն» կը նշանակէ, ուրեմն անիկա վտանգաւոր նախաձեռնութիւն մըն է։ «Դպրոց փակել»ն ալ բառացի հասկնալը բաւական չէ։ Լաւ կ’ըլլայ որ շեշտենք, որ հայերէնի ու հայագիտական նիւթերու բացակայութիւնը (կամ ի հարկին՝ խողխողումը) դպրոցներուն մէջ անոնց «բաց» ըլլալուն մասին լաւ վկայութիւններ չեն ընդհանրապէս։
Հայաստանի սակաւաթիւ ու սրտցաւ կարգ մը գիտնականներ, որոնք երբեմն, յաւուր պատշաճի, հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն արեւմտահայերէնին նկատմամբ, հոս կամ հոն իրենց կատարած յայտարարութիւններով, փաստերով գիտենք, որ չեն զանազաներ «արեւմտահայերէնով կաղացող էշ»ը «առողջ էշ»էն։ Կը բաւէ որ անոնց աչքին քիչ մը փոշի ցանուի, ու անոնք կրնան շուտով, սովետավարի, գովասանական ճառ մը սկսիլ այսինչ «գրող»ին, «մտաւորական»ին, «խմբագիր»ին կամ «լրագրող»ին հասցէին, որ հայրենասիրական առաքելութեամբ մը ոտք դրած է Երեւան կամ հոն հաստատուած է։ Նոյնիսկ եթէ Երեւանի մէջ վերջին տարիներուն արեւմտահայերէնով ու աւանդական ուղղագրութեամբ լոյս տեսած որակաւոր եւ անորակ հրատարակութիւններ լաւագոյն պարագային երկու տասնեակէն աւելի գնորդ կամ ընթերցող ունին՝ պէտք է ըլլալ լաւատես…։ Վստահ չեմ, սակայն, որ երկու տասնեակը շռայլութիւն մը չէ ինքնին։ Հայաստանը արեւմտահայերէնի կենդանացման վայրը չէ։ «Լեզուն չի ներգաղթեր», կ’ըսէ Զուլալ Գազանճեան։
Խզուածքի պատմութիւն
Լեզուն եւ մարդը շատ մը պահերու եւ շատ մը տեղեր իրենց կապը խզած են իրարմէ։ Երբ, ամէնէն հասարակ օրինակը, հայերէն մամուլ մը իր այսինչամեայ յոբելեանը կը տօնէ եւ զայն առիթի կը վերածէ ինքզինք իր գաղութին ներկայացնելու, կը նշանակէ որ մամուլ եւ գաղութ, լեզու եւ մարդ զիրար չեն ճանչնար ու ամեակը առիթի կը վերածեն ծանօթացման։ Լաւ է ուշ, քան երբեք, պիտի ըսենք հարկաւ։ Դրապաշտ ենք։ Այսինքն մամուլ եւ գաղութ մինչ այդ իրարմէ հեռու բաներ էին, սպասեցին, որպէսզի մամլոյ այդ ամեակին առթիւ իրարու ծանօթանան, եթէ ծանօթանալը այդպէս կարելի է հարկաւ…։
Իւրայատուկ ծանօթացում մըն է, արդարեւ, որ կը յիշեցնէ մեր մեծ հայրերու սերունդին պսակադրութեան առթիւ կատարուած առաջին «ծանօթացումը» զոյգին։
Ցաւ ի սիրտ կարելի է հոս արձանագրել, որ Սփիւռքի մէջ հայ մամուլը չ’արտայայտեր համապատասխան գաղութին հարցերը, անոնց քննարկումը, անոնց դժուարութիւնները, ծալքերը եւ բռնաբարուած բառով մը՝ «մարտահրաւէրները»։ Նշուած բոլոր նիւթերուն մասին ալ տեղեկութիւններ կան հարկաւ թերթերուն մէջ, յաճախ՝ յաւուր պատշաճի, առանց երկու եւ աւելի կողմերու առկայութեան։ Ընդհանուր իմաստով մը կարելի է ըսել, որ պատահական յօդուածներ ու քննարկումներ չեն կրնար գոցել այդ բացը, հակառակ մամուլին ալ ունեցած կամ ունենալիք համացանցային հսկայ կարելիութիւններուն։ Հեռաւորութենէն անդին խզումի հարց մը կայ։ Իրականութիւն արտա-յայտելու, արտա-ցոլացնելու արարքը կ’ենթադրէ հսկայական, հետեւողական ու ծանր աշխատանք։ Կան սովորականի վերածուած նիւթեր, կրկնուող դատարկաբանութիւններ, մնայուն գրիչներ, որոնց անունը երբ տեսնենք, արդէն գիտենք, որ մօտաւորապէս ինչ է կարդացուելիքը։ Բացառութիւնները կը յարգուին միշտ, եթէ ըլլան։
Արեւմտահայերէնին անտեսումը շատ պաշտօնական վիճակներ առած է։ Վերջին տարիներուն գրեթէ «ամէն մարդ», հաստատութիւն եւ անհատ, կ’արտայայտուի, կը ցաւի, կը պոռթկայ, կը գոռայ, կը յուզուի, կը ծրագրէ, կը խօսի, կը խորհի, կը… գործէ՞ յանուն արեւմտահայերէնին: Ինծի կը պակսին տարրական փաստեր ու տուեալներ, որոնք այս լեզուին ճակատագիրը լուրջի առած են։ Եթէ տպագիր կամ ելեկտրոնային հատորներու հրատարակութիւնը, տրամադրելիութիւնը, կաղացող-մաղացող, ձաբռտուք սփռող ինքնաբոյս կայքէջերու գոյառումն ու քաջալերումը դրական երեւոյթներ կարելի է նկատել, թիւրիմացութիւնը բաւական մեծ է, ըստ իս։
Դէպի տուեալ հաւաքականութիւն քայլը տեղի կ’ունենայ, երբ ուղղակի եւ առողջ կապ կը ստեղծուի կողմերու միջեւ։ Փորձը տեսանք Հայաստանի մէջ։ Ժողովուրդին մասինխօսիլը եւ ժողովուրդին հետ խօսիլը յաճախ ամբողջովին տարբեր բաներ են։ Փաշինեանէն առաջ քաղաքական ուժերը իրենց կապը գործնականօրէն խզած էին ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար-ով կը զբաղէին։ (Ուրիշ հարց՝ Փաշինեանի յեղափոխութիւնը ի՛նչ ընթացք կ’ունենայ: Անոնք, որոնք յեղափոխութենէն ետք իրենց համբերութիւնը կորսնցուցած են, հարկ է որ մտածեն նախափաշինեան շրջանին փայփայած ու սուղ գինով մեզի ծախել ուզած իրենց «համբերութեան» մասին…): Նոյնպէս ալ մամուլը, եկեղեցին, դպրոցը կրնան հետ-ի եւ մասին-ի միջեւ տարբերութիւն չտեսնել։ Հետ-ը անմիջական համագործակցութիւն կ’ենթադրէ։ Սփիւռքեան մեր համայնքներուն մէջ քաղաքական, ընկերային, մշակութային, հայագիտական, լեզուական գոյութենակա՛ն հարցեր կան, որոնք մտածումի առարկայ չեն դառնար երբեք, որովհետեւ մասին եւ հետ տարբերութիւնը խզուածքի առաջնորդած է։ Մտածումի առարկայ կը դառնայ հարց մը, մի քանի՝ տարբե՛ր կողմերու քննարկումով ու հասունացումով, ոչ թէ միահեծան իշխանութեանց ներկայացուցիչներու հետ կատարուած սպառիչ ու սպառած հարցազրոյցներով։
Համայնքի կառոյցներ իրենց հաւաքականութեան հետ կապ հաստատելու, յարաբերութիւն մշակելու դժուարութիւններ ունին։ Այս դժուարութիւնները հեռացումներու պատճառ կը դառնան։ Անապահովութիւնը, պատերազմը պատճառներ չեն միայն հեռացումներու ու գաղթերու։ Կան միւս գաղթերը, որոնք համացանցային այս աշխարհին մէջ անկարող դարձած համայնքային կեանքի արդիւնք են։
Գերմանական դասագիրքերու մէջ երկու տող ունենալ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին․ահաւասիկ նպատակ, որ կրնայ հետապնդուիլ ամենայն խանդավառութեամբ եւ հայկական յաղթանակ ալ կարելի է զայն հռչակել օր մը։ Օրինակները շատ են.այսինչ նահանգը, այդինչ քաղաքը, այնինչ քաղաքապետարանը կ’ընդունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կամ վերջերս՝ Արցախի Հանրապետութիւնը։ Հոյակապ։ Ճանաչումի այս արշաւին մէջ, ներքին ճակատի վրայ, մշակութայինի աշխատանքը ոչ մէկ դեր ունի եւ կրնայ խաղալ։ Այս է մերօրեայ փիլիսոփայութիւնը, որ մշակութայինը կարելի եղածին չափ խաղուպարի մակարդակին վրայ կը պահէ։ Լեզուն եւ քաղաքականութիւնը հակառակ դիրքեր են եւ իրարու երբեք չեն հանդիպիր։ Խզուածքը հոն ալ յստակ է։ Այդ հանդիպումը չենք կազմակերպեր։ Աւելի դիւրին է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահներու հանդիպումը քան հայկական քաղաքականութեան (երբեմն նաեւ՝ հայագիտութեան) եւ հայերէն լեզուի հանդիպումը։
Վանայ Շեմսետտին գիւղի բնակիչները մինչեւ այսօր լոլըկ պիտի առնեն, կ’ըսեն, բանջարեղէնի վաճառորդին գնումի երթալը «լոլըկ առնել» կը նշանակէ իրենց համար, կը պատմէ ուսանողս։ Ատիկա՝ այդ բառը մնացեր է հայերէնէն իրենց։ Նուէր եւ յիշատակ։ Հայերէնէ՞ն։ Հայերէն ըլլալն ալ չեն գիտեր։ Ներարկած են իրենց բարբառին։ Եւ ճիշդ հոնկէ է, որ պիտի սկսին հասկնալ, այդ մէկ բառով է որ պիտի սկսին կատարել գիւտն ու վերականգնումը ամբողջ լեզուին ու ամբողջ պատմութեան՝ վտարուած, կորսուած եւ խողխողուած։ Իսկապէ՞ս։ Ու մենք՝ ճիշդ նոյնպէս։ Իսկապէ՞ս։ Մենք, որ քանի մը հարիւր բառով կը խօսինք ու կը գրենք, դեռ հայերէն գործածողներս, իսկ օտարախօսներն ալ ամէն մէկ բառին պոչէն կախուած հայկականութեամբ գիւտը կրնան կատարել իրենց լեզուին, որ կրնայ նաեւ ընդհանրական լեզուի մը վերածուիլ, որու միջոցաւ նաեւ, ի միջի այլոց, Եսայեան կը կարդացուի ու խանութէ խանութ այցելութիւններն ալ իրենց աւարտը կը գտնեն կամ նորէն կը սկսին։
Շուկան բաց է։ Ամէնէն սուղ ապրանքներէն է հիմա արեւմտահայերէնը, որ չի ծախուիր։ Ծախող շատ կայ, գնող չկայ, որովհետեւ ծախողը գնորդին մասին մտածած չունի։ Ճշմարիտ վաճառականն է ան՝ լեզուի վաճառականը։ Իրականութեան մէջ յաճախորդին հետ է գործերնիս, ոչ թէ ապրանք արտադրելու ճարպիկութեան։ Գիրքերը, տպագիր ու ելեկտրոնային, ամէն ճաշակի ու տարիքի համար պատրաստուած, ծերոց եւ տղայոց, ծանօթից եւ անծանօթից, յայտից եւ անյայտից եւ ամենայն չափու հասակի կենդանեաց եւ ննջեցելոց, կրնան տրցակներով մնալ կամ համակարգիչներուն մէջ սպասել, չեն գտներ իրենց հասցէն, երբ դուն ընթերցողը դեռ չես ճանչցած, անոր հասցէն չես ձեւաւորած, դեռ չենք խօսիր զայն ստեղծելու տեսիլքիդ մասին։ Եթէ կարենային տարեկան, նոյնիսկ ամսական հանդիպումներն ու ժողովումները, ձեռնարկներն ու ձեռնարկութիւնները ձեւ առնել եւ խօսիլ, յաւուր պատշաճի-ի սահմաններէն դուրս գալով՝ իրենց արդիւնքով։ Մէ՛կ ընթերցող աւելցնելով։ Սպասման հիւանդութիւն մը ունինք արդարեւ։ Թող կոչուինք անհամբեր։ Տասը տարի եւս սպասելու պատրաստ է այս անհամբերութիւնը, եթէ գիտնայ որ կրիան ճամբայ ելած է խանութէ խանութ կամ տունէ տուն, Եսայեանի կամ այլոց ընկերակցութեամբ։
Աղբիւր- «Գանձասար» բացառիկ 2019
Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում