Յիշէ՛ ո՛վ Մարիամ

Յիշէ՛ ո՛վ Մարիամ

Յիշէ՛, ո՛վ բարեգութ Կոյս Մարիամ, որ ամենեւին չէ լսուած թէ մէկը քու քա՛ղցր պաշտպանութեանդ ապաւինած, քեզ իրեն օգնութեան կանչած ու ինքզինքը քու խնամքիդ յանձնած ըլլայ եւ դուն անոր երես դարձուցած ըլլաս: Ես ալ, այս յոյսով զօրացած՝ քեզի՛ կը դիմեմ, քեզի՛ կու գամ, քու առջեւդ կÿողբամ մեղքերուս բեռան տակ, ո՛վ կոյսերու Կո՛յս, քա՛ղցր Մայր: Ո՛վ Մա՛յր Բանին Աստուծոյ, իմ այս խօսքերէս երես մի՛ դարձներ, այլ զիս սիրով լսէ՛ եւ աղաչանքներս ընդունէ՛: Ամէն:

Աղբյուր՝ ԱՂՈԹԱՐԱՆ

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում