Ֆրանչիսկոս Պապ .«Նախանձը օճառի փրփուրի նման կ՝անհետանայ, սակայն չարիքներու պատճառ կը դառնայ:»
Նմանատիպ
Ֆրանչիսկոս Պապին 24 յունուարի քարոզը:
Վազգէն Աբարդեան – Վատիկան
Ուրբաթ, 24 յունուարին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դրաւ նախանձի պատճառած չարիքներուն վրայ, նախանձը նմանեցնելով օճառի փրփուրին, որ կ՝անհետանայ սակայն կրնայ մեծ չարիքներու պատճառ դառնալ:
Ֆրանչիսկոս Պապ զգուշացուց նախանձի փորձութենէն, որովհետեւ նախանձը մեզ կ՝առաջնորդէ ուրիշներու մասին բամբասելու ու չարախօսելու, ընտանիքի եւ աշխատանքի միջավայրերէն ներս մրցակցութեան մէջ մտնելու:
Նախանձը պատերազմի մը սերմն է , չարախօսութիւն է մեր անձին հետ:
ֆրանչիսկոս Պապին նախանձի մասին ներկայացուցած քարոզի ներշնչումի աղբիւր եղաւ Սուրբ Գրային ընթերցումները, ուր կը խօսուի Սաւուղ թագաւորի մասին, որ կը նախանձէր Դաւիթէն:
Ակնարկելով Սաւուղին, որ կ՝ուզէ Դաւիթ մարգարէն սպաննել, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ նախանձը ոճրագործութեան կը տանի ինչպէս նաեւ սպանութեան, դիտել տալով որ կարելի է սպաննել նաեւ լեզուով եւ չարախօսութիւններով:
Նորին Սրբութիւնը ապա օրինակ բերելով օճառի փրփուրը նկատել տուաւ, որ նախանձէ մղուած որեւէ արարք, վերջ կը գտնէ օճառի փրփուրին նման:
Շնորհք է երբ նախանձ մարդ մը դէմ կը յանդիման կը գտնուի այդ օճառին փրփուրին դիմաց, այսինքն այն իրականութեան դիմաց, որ կը վերացնէ օճառի փրփուրը, որ է իր նախանձին ախտը :
Ան յորդորեց երբ նախանձ կը զգանք պաշտպանել մեր սիրտը այդ նախանձի հիւանդութենէն, մեր անձին հետ ունեցած շատախօսութենէն եւ նկատի առնել որ օճառին փրփուրը ոչ մի արժէք ունի, սակայն շատ չարիք կրնայ պատճառել:
Եւ երբ՝ անձ մը մեր մօտ կու գայ՝ ուրիշին մասին չարախօսելու համար, պէտք է որ այդ անձին նկատել տալ, որ խաղաղութեամբ չէ որ կը խօսի, այլ իր խօսքին մէջ կայ նախանձին չարիքը:
Ֆրանչիսկոս Պապ զգուշացուց նախանձի ցեցէն, որ բոլորին սրտին մէջ մուտք կը գործէ եւ մեզ կը տանի ուրիշները չարապէս դատելու, որովհետեւ ուրիշին մէջ կամ բան մը, որ ես չունիմ: Վերջապէս Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ նախանձը պատճառ կը դառնայ պատերազմներու, աշխատավայրերուն մէջ պատերազմի:
Խնդրենք Տիրոջմէ, թափանցիկ սիրտ մը ունենալ նման Դաւիթին: Վճիտ սիրտ մը, որ կը որոնէ լոկ արդարութիւնն ու խաղաղութիւն: Բարեկամական սիրտ մը, որ չ՝ուզեր ոչ մէկը սպաննել, որովհետեւ նախանձն է, որ կը սպանէ: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզի աւարտին:
24/01/2020
Աղբյուր՝ Vaticannews.va
Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում