«Կտակ»

Դեռ չհասած իմ վաստակիս վախճանին,
Կտակս ահա քեզի ընծայ գերագոյն
Կը ծրարեմ անցեալս ամբողջ այս պահուն
Եւ գալիքին ոսկեղէն յոյսն ալ անգին…

Երբ զայն քակես օր մը ձեռքով դողահար,
Հոն չգտնես գուցէ ինչ որ յուսացիր,
Բայց ես կ՛ուզեմ որ դուն ըլլաս ջահակիր
Հօրենական մեծ աւանդի մը պայծառ:

Ո՛չ գանձ ունիմ, ոչ պարտէզներ ու պալատ,
Ո՛չ իսկ խրճիթ եւ կամ խոպան ափ մը հող,
Այլ կը յանձնեմ քեզի երազ մ՛այգաշող
Եւ փառքն անբիծ Հայ անունին հարազատ…

Կտակս ահա… շա՛տ աւելին դուն ունիս
Քան աշխարհի բոլոր գանձերն անցաւոր.
Հայ դարերու փոթորիկէն ահաւոր
Կը ժառանգես դուն ալեկոծ իմ հոգիս…

Քուկդ է, մանչուկ, շքեղ տեսիլքը մեր մեծ,
Որ ծովերուն դէմ արցունքի եւ արեան
Շողաց իբրեւ նորոգ կեանքի ծիածան,
Որուն յառած՝ հայրս աչքերն իր փակեց:

Աւարտ մարտի խոնջ պսակին փոխարէն՝
Ոգեծփուն ու վառ դրօշ մը քեզի,
Որ զայն պարզես քո՛ւ բազուկով քաջարի
Յաղթանակիդ լերան ազատ կատարէն:

Մեր տառերուն աստղերն ըրած ճակտիդ թագ
Եւ շրթներուդ՝ աղօթքն անմահ Հայ երգին,
Եղի՛ր միշտ տէր իմ սրբաշունչ կտակին-
Հաւատքի սիւն եւ նոր Ուխտի Տապանակ…

Մուշեղ ԻՇԽԱՆ

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում