Սիամանթո. Ափ մը մոխիր, Հայրենի տուն

Սիամանթո. Ափ մը մոխիր, Հայրենի տուն

Ա
Աւա՜ղ, ապարանքի մը պէս մեծ էիր եւ շքեղ,
Ու ես՝ երդիքներուդ սպիտակ կատարէն,
Աստղածորան գիշերներու լոյսին հետ,
Վարէն, ահեղավազ Եփրատին կ՚ունկնդրէի…։

Բ
Արցունքո՜վ, արցունքո՜վ լսեցի որ աւերակ առ աւերակ
Քու լայնանիստ պատերդ իրարու վրայ կործանեցին,
Սարսափի օր մը, կոտորածի օր մը, օր մը արիւնի…
Զքեզ եզերող պարտէզիդ ծաղկըներուն վրայ։

Գ
Ու մոխրացա՜ւ այն սենեակը կապոյտ,
Որուն որմերուն ետեւ եւ գորգերուն վրայ
Իմ երջանիկ մանկութիւնս կը հրճուէր,
Եւ կեանքս կ՚աճէր եւ հոգիս իր թեւերը կ՚առնէր…

Դ
Փշրեցա՞ւ, ուրեմն, այն հայելին ոսկեծիր,
Որուն եթերային խորութեանը մէջ
Երազներս, յոյսերս, սէրերս եւ կամքս կարմիր,
Տարիներով, մտածումիս հետ, ցոլացին…։

Ե
Ու բակին մէջ երգող աղբիւրը մեռա՞ւ,
Ու կոտրեցա՞ն պարտէզիս ուռին ու թթենին,
Եւ այն առուակը, որ ծառերուն մէջէն կը հոսէր,
Ցամքեցա՞ւ, ըսէ՛, ո՞ւր է, ցամքեցա՞ւ, ցամքեցա՞ւ…

Զ
Օ՜, այն վանդակին կ՚երազեմ յաճախ,
Որուն մէջ գորշագոյն կաքաւս, առաւօտուն,
Արեւածագին հետ եւ վարդի թուփերուն դիմաց,
Զարթնումի ժամուս՝ յստակօրէն կը կարգճէր…։

է
Հայրենի՜ տուն, հաւատա՛ որ մահէս յետոյ,
Քու աւերակներուդ սեւին վրայ իմ հոգիս
Պիտի գայ, որպէս տատրակ մը տարագիր,
Իր դժբախտի երգն եւ արցունքը լալու…։

Ը
Բայց ո՜վ պիտի բերէ, ո՜վ պիտի բերէ, ըսէ՛,
Քու սրբազան մոխիրէդ ափ մը մոխիր,
Մահուանս օրը, իմ տրտում դագաղիս մէջ,
Հայրենիքս երգողի իմ աճիւնին խառնելու…

Թ
Ափ մը մոխի՜ր աճիւնիս հետ, Հայրենի՜ տուն,
Ափ մը մոխի՜ր քու մոխիրէդ, ո՜վ պիտի բերէ,
Քու յիշատակէ՜դ, քու ցաւէ՛դ, քու անցեալէ՜դ,
Ափ մը մոխիր… իմ սրտիս վրան ցանելու…։

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում