Դանիէլ Վարուժան. Մայիսի մէկ
Նմանատիպ
Քընարս այսօր կըտըրտելով լարերն իր,
Ձե՜զ կը կանչէ Արեւելքէն Արեւմուտք,
Ո՛վ դուք
Հացի՛ զոհեր, որ ունիք միշտ արեւու
Պասուք:
Այս առաւօտ՝ գըտայ հասակըս թաղուած
Հեղեղին մէջ շուրջըս ծաղկած վարդերուն.
Եւ կանգուն՝
Խմեցի աւիշն հողին, երգերը բոլոր
Բոյներուն:
Ինծի՛ եկէք, ես կախարդն եմ Մայիսին.
Ձեր քըրտինքն ես կ’ընեմ գոհար ցօղն անգին
Վարդին.
Կը հեղում ձեր ոսկորներուն մէջ ցամքած՝
Արփին:
Ինծի՛ եկէք գործատունէն՝ ուր երկար
Շաղուեցիք դուք մեր Աշխարհին ցեցակեր
Նո՛ր հիմեր.
Փուռէն՝ որ ձեր գըլխուն, սըրտին վրայ՝ մոխիր
Է ցաներ:
Ինծի՛ եկէք նաւարանէն՝ ուր կռեցիք
Նաւեր, վաղուան ձեր դագաղները պողպատ:
Ելէ՛ք արդ
Աղիքներէն հողին, ճահճին արգանդէն,
Դա՜շտն ու ա՜րտ:
Ինծի՛, ինծի՛ եկէք այսօր բոլորնիդ.
Սիրտս ա՜յնքան բոց ունի, հոգիս ա՜յնքան լոյս՝
Որ ձեր խիւս
Ցեխերէն իսկ կը շաղուեմ նո՛ր Մարդկութիւն
Եւ նո՛ր Յոյս:
Հերի՛ք հիւծաք նըկուղներուն մէջ խոնաւ,
Եւ ունեցաք միշտ կարօտ, նման խըլուրդի,
Օդի,
Եւ ժանգի պէս երկաթներուն փարեցաք,
Նօթի՜:
Թող ձեր մուրճն ա՛լ չըկայծակէ սալին վրայ.
Մըխուա՛ծ մընան թող ատամները սղոցին՝
Հեցին.
Կոճղին խըրուած՝ թող խեժերէն ժանգոտի
Կացինն:
Ի՛նչ փոյթ թէ որբ մընայ շարժիչ մեքենան,
Եւ գործատան մէջ ճիւաղներ սողան լուռ.
Ի՛նչ փոյթ ո՛ւր
Դառնայ ճախրակն, ու խորտակուին լոյծ փոկերն
Ընդհանուր:
Դե՛հ, քըրտնաբոյր ձեր շապիկներն հանեցէք.
Թող ճենճոտած ձեր գըտակները նետուին
Հնոցին.
Գլուխնիդ այսօր պիտի սուզեմ արեւուն
Բոցին:
Ինծի՛ եկէք, եկէք ինծի՛, Եղբայրնե՛ր,
Ձեր ամենուդ այս օր տօնն է Մայիսի,
Վասըն զի
Հողն ըստեղծիչ, ձեր ըստեղծիչ արեան լոկ
Կը խօսի:
Զեփիւռն ահա՛, ո՛վ տառապեալ հոգիներ,
Ձեր կուրծքերուն բացէ՛ք վէրքերն՝ իր անգին
Խունկին.
Աղբիւրն ահա՛, թո՛ղ գըլուխնիդ իր լոյսին
Հակին:
Դեղձին ահա՛, ծաղիկներն իր կ’անձրեւէ
Ձեր կոշկոճուած ձեռքերուն վրայ արիւնոտ.
Եւ կարօտ
Կը զգայ մայրին՝ որ գըրկէք զինք թեւերով՝
Վիրոտ:
Ահա Արե՜ւն, Արե՜ւն ահա. լոկ ձեզի՛
Այս օր կ’նայի. կը համբուրէ միայն ձե՛ր
Ճակատներ.
Ան՝ բոլոր միւս ճակատներուն վրայ իշխող
Է թըքեր:
Ձե՛րն են դաշտեր, ձե՛րն է Քաղաքն, որուն լուռ
Փողոցներէն պէտք է անցնի լոկ այսօր
Ձե՛ր թափօր,
Դրօշներ ծըփան, ծաղկին յոյսեր, եւ գոռայ
Շեփոր:
Հանգի՜ստ երգեն թող ձեզ բոլոր արծիւներ.
Հանգի՜ստ երգէ քընարս, որուն, ձեզ համար,
Իբրեւ լար,
Ես արծիւի տըւի այսօր աղիքներ՝
Որ գոռար:
Թող ձեր շեմերը ողողուին վարդերով:
Երբ գայ լուսինն ու իր բիբերը բոցէ
Յածէ՝
Բալասանո՜վ թող այս գիշեր ձեր դուռներն
Օծէ…