Վարդանանք՝ մեր վերածնունդի գրաւականը

Վարդանանք՝ մեր վերածնունդի գրաւականը

Սուրբ Վարդան

Հայը իր ազգային ինքնութեամբ կրցած է յաղթահարել ամէն խոչընդոտ հենելով հաւատքին, զոր Աստուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի միջոցաւ շնորհեց իրեն:

Մեր օրացոյցի էջերուն վրայ կրկին կը յայտնուի մահու եւ կեանքի անկիւնադարձացին իրականութիւնը, զոր Վարդանանքի ճակամարտի տօնակատարութեամբ կը յիշատակենք ամէն տարի եւ կ’ապրինք զայն վերանորոգելով մեր ազգային գիտակցութիւնը:

Վարդանանց պատերազմի իրականութիւնը իւրաքանչիւր հայու հոգւոյն ու մտքին մէջ քանդակուած է եւ ան կը կազմէ հայուն ազգային հպարտութեան պատմութիւնը: Հայը մահու սպառնալիքներուն տակ իսկ դաւանափոխ չեղաւ, չհրաժարեցաւ իր ազգապատկան հոգեւոր ժառանգէն՝ կրօնէն, որմով կը շնչէր ան, չվանեց իրմէ իր ազգատոհմիկ բարքը, որմով այժմ իսկ կը գոյատեւեն սերունդներ ամբողջ:

451 թուի գարնան պատահած Աւարայրի Ճակատամարտը անկիւնադարձ մը եղաւ համակ հայութեան: Առանց այս խիզախութեան պիտի չըլլար հայը իր ինքնութեամբ, այն ինչ որ մեծ ազգեր, կայսրութիւններ պայքարած են իրենց աշխարհակալութեամբ, գոյատեւելու դարեր շարունակ, բայց ի զուր, անոնք յաւէտ անհետացած են պատմութենէն:

Հայը իր ազգային ինքնութեամբ կրցած է յաղթահարել ամէն խոչընդոտ հենելով հաւատքին, զոր Աստուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի միջոցաւ շնորհեց իրեն: Պէտք էր պահպանել այդ հաւատքը ամէն զո-հաբերութեան, որովհետեւ առանց այդ երկնային զօրութեան պիտի չի կարողանար գոյատեւել հայը պատմութեան դժուարին պայմանները ապրելով: Կեանքի ձգտումը ճշմարիտ հաւատքի միջոցաւ ներտած էր հայու էութեան մէջ խոր հիմեր, առանց որու հայը դէմ պիտի չի դներ մազդէական կրօնին, առանց որու պիտի ան ըլլար կրօնափոխ, պահպանելով գէթ ժամանակաւորապէս իր ֆիզիքական գոյութիւնը:

Վարդանաքի մարտիկներու գիտակցութիւնը կրօնին, ամուր կը պահէր զիրենք իրենց հաւատքին մէջ: Կրօնական ազատութիւնը կը նշանակէր նաեւ իրենց մարդապատկան արժանիքներով ապրելու գրաւականը, առանց որու ապագայ սերունդներու գոյատեւումը պիտի խաթարւէր եւ հայը պիտի յանձնուէր պատմութեան մոռացութեան մատնող ճակատագրին :

Հայը կանուխէն հասկցաւ Քրիստոսի պատուէրը թէ պէտք չէ վախնալ անկէ, որ կը սպաննէ մարմինը, այլ անկէ, որ կը սպաննէ հոգին: Պարսիկներու բանակը կրնար ֆիզիքապէս վնասներ հասցնել Հայաստանին, ինչ որ դարեր շարունակ հայը ապրած է այդ ծանր փորձարութիւնները: Պիտի ապրէր 451 թուականէն անդին ալ: Աւելի ծանր էր հոգւոյ մահը, զոր անկարելի պիտի ըլլար դարմանել, որովհետեւ պիտի փոխէր հայու դիմագիծը, պիտի մերկացնէր հայը իր հայութենէն :

Վարդանանքը կը խորհրդանշէ հայուն կրօնասիրութիւնը, եկեղեցասիրութիւնը եւ ազգասիրութիւնը: Որքան ալ մեծ ըլլան վտանգները հայը պիտի չի հրաժարեր այս երեք առաքինութիւններէն, որոնք կ’ապահովեն ապագայի գոյատեւման գրաւականը: Ժամանակաւոր սպառնալիքները կ’անհետանան ձմրան ձիւնի նման, բայց յաւիտենականը, այսինքն կրօնափոխութիւնը պիտի չի դարմանուէր, որովհետեւ հայը այդ ընդունելով պիտի հրաժարէր իր համոզումներէն, հոգեւոր եւ ազգային արժէքներէն :

Քառասնորդացի պահքի խորհուրդը կը մարմնաւորէ Վարդանանցի զոհաբերութիւնը: Մարդ ժամանակաւորապէս հրա-ժարելով աշխարհայինէն կը վերազննէ իր հոգեւոր եւ մարդկային կոչումը: Պահքի ֆիզիքական զոհաբերութիւնները կարեւոր են, բայց աւելի անհրաժեշտ է ոչ ֆիզիքական վատ սովորութիւններէն, քմահաճոյքներէն, մեղքէն հրաժարիլ. այսինքն՝ վանել մեզմէ, հրաժարիլ նախանձէն, հպարտութենէն, բանբասանքէն, վրէժխնդրութենէն…:

Պահքը կը խորհրդանշէ ժամանակաւոր մահը: Ան առիթն է, որմով մենք թափանցենք մեր հոգւոյն խորը, Քրիստոսի չարչարանքին խորհուրդով սրբագրենք մեր թերութիւնները եւ իրեն միացած ապրինք հոգիի անդորրութիւն:

Վարդանանցի եւ Պահքի խորհուրդները թող ըլլան նաեւ առիթը մտածելու եւ աղօթելու սուրիահայութեան համար, որոնք մօտ երկու տարիէ ի վեր կ’ապրին վախի եւ վտանգի ծանր օրեր: Աղօթենք, որ անոնք ամուր գտնուին իրենց հաւատքին մեջ եւ յուսադրուին Քրիստոսի յարութեան իրականութեամբ: Քրիստոս մեր հաւատքին ուղեցոյցն է, որ մեզ կ’ուղղէ դէպի լոյս եւ ճշմարտութիւն: Աղօթենք նաեւ համայն հայութեան համար աշխարհի որմէկ կողմը որ գտնուին անոնք: Հաւատքի ուրացման եւ ձուլումի սպառնալիքները կ’ապրին անոնք իւրաքանչիւր օր:

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

20/02/2020

Աղբյուր՝ Vaticannews.va

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում