Երուսաղեմի Հայոց պատրիարքը դիմել է Իսրայելի վարչապետին` կոչ անելով դադարեցնել Իսրայելի կողմից Ադրբեջանին զենքի վաճառքը

Երուսաղեմի Հայոց պատրիարքը դիմել է Իսրայելի վարչապետին` կոչ անելով դադարեցնել Իսրայելի կողմից Ադրբեջանին զենքի վաճառքը

Այսօր՝ 5 Հոկտեմբեր, 2020-ի առաւօտեան, Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ամենապտիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հայրը նամակ ուղղած է Իսրայէլի վարչապետ Վսեմաշուք Տիար Պենիամին Նէթանիահուի՝ կոչ ընելով դադրեցնել Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանին զէնքի վաճառքը:

Նամակէն օրինակներ ղրկուած են նաեւ Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար Տիար Պէննի Գանցին, Խորհրդարանի (Քնեսեթ) խօսնակ՝ Տիար Եարիւ Լեւինին եւ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Տիար Կապի Աշքենազիին:

Իր նամակին մէջ Նուրհան Պատրիարք մասնաւորապէս ըսած է.
«Ցաւալի է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան խաղաղ հայ բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութեանը կը մասնակցի Իսրայէլ՝ իր աջակցութեամբ: Կովկասի այս լեռնային շրջանը տասնամեակներ շարունակ եղած է անվերջ պատերազմներու գօտի Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղ-Հայաստանի միջեւ: Եվ յիշէք Պրն. Վարչապետ, որ Լեռնային Ղարաբաղը պատմականօրէն Հայաստանի մաս կը կազմէր մինչեւ այն օրը, երբ Ստալին որոշեց Նախիջեւանի հետ մէկ այլ հայկական շրջան եւս տալ Ատրպէյճանին: Մենք կը հասկնանք, որ Իսրայէլ ազնիւ եւ բարեկամական կապեր ունի Ատրպէյճանի հետ, բայց ոչ այնքան, որ յարձակողին ժամանակակից ռազմամթերք մատակարարէ՝ խրախուսելով Ատրպէյճանին խաթարել իրենց ունեցած փխրուն խաղաղութիւնը: Այնուամենայնիւ, տարածաշրջանի մէջ պատերազմի բռնկման համար ռազմականօրէն յօգուտ Ատրպէյճանի գործելը, անշուշտ, կը վկայէ այն մասին, որ Իսրայէլ դէմ է, որպէսզի հնացած խաղաղ բանակցային գործընթացը յաջող ըլլայ: Ատկէ զատ, Իսրայէլի ներկայ դիրքորոշումը հեգնանքով ցոյց կու տայ, որ Իսրայէլ անբարենպաստ վերաբերմունք ունի Հայաստանի եւ 20-րդ դարու Առաջին ցեղասպանութիւն ապրած Հայ ժողովուրդի նկատմամբ:

Անհրաժեշտութիւն չկայ յիշեցնելու Ձեզ, Պրն. Վարչապետ, Ձեր ժողովուրդի տառապանքները, ցեղասպանութեան եւ ջարդերու համակարգուած ծրագիրներները: Այսօր, երկու ժողովուրդներ, մասնաւորապէս՝ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, կը փորձեն ջնջել հայերուն իրենց հայրենիքէն, եւ, ցաւօք, Ձեր երկիրը հանդուգն կերպով կ’օգնէ անոնց հասնիլ իրենց միասնական նպատակին: Ճիշդ է Հրեաներ կը պնդեն, թէ իրենք գոյութեան իրաւունք ունին, սակայն Ձեր երկիրը ազդուօրէն կը ժխտէ Հայերու իրաւական գոյութիւնը՝ ոչնչացնելու համար անցնելով Ատրպէյճանի կողմը: Ամէն բան յստակ է, Աստուծոյ կողմէ ընտրուած մարդիկ կը գործէն անաստուած: Ո՞ւր մնաց բարոյականութիւնը: Ազգերու տնտեսական կամ սոցիալական շահերը պէտք է՞ գերակայ ըլլան ժողովուրդներէ, խիղճէ, մարդկային վերաբերմունքէ ու արդար դատողութենէ:

Ուստի, կը խնդրենք Ձեզմէ՝ որպէս բանիմաց եւ խաղաղասէր քաղաքական գործիչ, Ձեր փորձառութեամբ օգնէք խաղաղութիւն հաստատել Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան միջեւ, ոչ թէ բորբոքէք պատերազմն ու թշնամանքը այս երկու ժողովուրդներու միջեւ: Թող Ձեր խիղճը ըլլայ Ձեր դատաւորը: Մենք կը հաւատանք, որ ազնիւ եւ անկեղծ գործերը կ’արդարացնեն մեր սպասելիքները:

Մենք անկեղծօրէն կ’աղօթենք, որ խաղաղութիւն հաստատուի այստեղ՝ այս երկրին մէջ եւ արտերկրի մէջ»,- ըսած է Նուրհան Պատրիարք իր նամակին մէջ:

Աղբյուր՝ Ter-hambardzum.net

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում