Հալեպում ոգեկոչվել է Հայոց ցեղասպանության 111-րդ տարելիցը
Կարդացեք նաև
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 111-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՈԳԵԿՈՉԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ․
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան
Հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն եւ կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին, Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 7:00-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած միջհամայնքային ոգեկոչական հանդիսութիւն։
Եկեղեցւոյ մուտքին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Քրիստոնէական Ջանից Ընկերակցութեան երիտասարդները դիմաւորեցին ներկաները։
Հանդիսութեան ներկայ էին՝ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, ինչպէս նաեւ հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան անդամներ, հոգեւոր հայրեր, առաքկնազարդ քոյրեր եւ հայրենակիցներ։
Բացման խօսքը փոխանցեց Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան, որ ընդգծեց, թէ վերանորոգ հաւատքով եւ պահանջատիրութեան ոգիով կը խոնարհինք մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու յիշատակին առջեւ՝ ուխտելով պաշտպան կանգնիլ Հայ Դատին եւ հաւատարիմ մնալ մեր նախահայրերուն քրիստոնէական ու ազգային արժէքներուն։
Գեղարուեստական բաժինին մէջ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին «Արցախ» երգը։ Օրդ. Վանա Մարգէեան մեներգեց «Տէր Կեցցո» շարականը, իսկ Եղիա Քիլէճեան՝ «Ապրիլեան Նահատակներու» երգը՝ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Տիկ. Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեանի։
Նախաձեռնութիւնը կ’ընդգրկէր գեղարուեստական համադրում՝ Տիկ. Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեանի յօրինումով եւ մշակումով, բաղկացած չորս պատկերներէ՝ «Վշտի Արձագանգ», «Խոկում», «Յոյսի Կանչը» եւ «Վերապրող Ազգը»։ Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին Աննա Սաղպազարեան (ասմունք), Տիկ. Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեան (դաշնամուր), Բժ. Մասիս Արսլանեան եւ Տեսիլ Սարեան (ջութակ), Բժ. Կարօ Արսլանեան (թաւ ջութակ) եւ Շողեր Գերպապեան (ֆլիւթ)։
Ապա խօսք առաւ Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, որ շեշտեց թէ, Հայոց Ցեղասպանութենէն 111 տարիներ անց, հայ ժողովուրդը կը շարունակէ յիշել եւ պահանջել արդարութիւն։ Ան ընդգծեց, թէ որպէս քրիստոնեայ ժողովուրդ կոչուած ենք ներելու, սակայն չենք կրնար մոռնալ։ Մեր յիշողութիւնը սուրբ պարտաւորութիւն մըն է, որուն հետ միասին կը շարունակենք պահանջել բարոյական եւ նիւթական հատուցում։ Ան նաեւ անդրադարձաւ նահատակուած հոգեւորականներուն եւ Մալոյեան Արքեպիսկոպոսի սրբադասման՝ որպէս հաւատքի եւ նուիրումի կենդանի վկայութիւն։
Այնուհետեւ իր պատգամը փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, որ նշեց թէ մէկ անգամ եւս հաւաքուած ենք՝ ոգեկոչելու եւ զօրացնելու մեր հաւատքը, կամքն ու յաղթական ոգին։ Ան շեշտեց, որ թէեւ կ՛ապրինք անարդարութիւններով լի աշխարհի մէջ, սակայն Քրիստոսի Յարութեան լոյսը մեզ կը կանչէ չյուսահատելու։ Հայ ժողովուրդը, որպէս վերապրած ժողովուրդ, կոչուած է ըլլալ արդարութեան ձայն՝ ոչ վրէժխնդրութեամբ, այլ ճշմարտութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեամբ։
Հուսկ, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր պատգամին մէջ ընդգծեց, թէ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը անցեալի յիշատակ չէ միայն, այլ կենդանի եւ պատասխանատու կեցուածք։ Ան «Սաղմոս 130»-ի «խորութիւններէն քեզի կը կանչեմ, Տէ՛ր» խօսքով լուսաբանեց մեր ժողովուրդի պատմական փորձառութիւնը՝ կապելով անցեալի ցաւը ներկայ մարտահրաւէրներուն հետ։ Միաժամանակ շեշտեց, թէ նոյն այդ խորքերուն մէջ կը ծնին հաւատքն ու յոյսը, որոնք դարձած են մեր գոյատեւման հիմքը։
Վերապատուելին կոչ ուղղեց վերածելու յիշողութիւնը կենդանի վկայութեան՝ ճշմարտութեան, արդարութեան եւ միասնականութեան մէջ, ընդգծելով որ նահատակներու յիշատակը մեզ կը պարտաւորեցնէ ոչ միայն յիշել, այլ նաեւ ապրիլ եւ գործել պատասխանատուութեամբ։
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Տէրունական աղօթք»-ով եւ համայնքապետերու առաքելական օրհնութեամբ։
Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում