Արամ Ա Վեհափառը դատապարտել է Լիբանանի հոգեւոր պետի դեմ ուղղված հարձակումները
Կարդացեք նաև
Արամ Ա Վեհափառը հայտարարություն է արել․ «Խստօրէն կը դատապարտենք եւ կը մերժենք Լիբանանի ոեւէ հոգեւոր պետին դէմ ուղղուած որեւէ յարձակում կամ անարգանք։ Անընդունելի այս արարքը կը հակասէ լիբանանեան համակեցութեան հիմքը կազմող բարոյական ու հոգեւոր արժէքներուն։ Կրօնական հեղինակութեան մը դէմ ցուցաբերուած նման վերաբերում կը վնասէ անոր առաքելութեան, որ համայնքային նեղ պարունակէն անդին՝ արմատացած է Լիբանանի ազգային կառոյցին եւ անոր միասնականութեան մէջ։ Հոգեւոր առաջնորդները սոսկ կրօնական խորհրդանիշեր չեն, այլ մարդկային, բարոյական ու հոգեւոր արժէքները պահպանողները եւ զանոնք յաջորդ սերունդներուն փոխանցողները։
Այս ծիրէն ներս, մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք Նորին Ամենապատուութիւն Քարտինալ Մար Պշարա Պութրոս Ռայի Պատրիարքին։ Անոր անձին կամ հանգամանքին դէմ ուղղուած անարգական ու վիրաւորական արտայայտութիւններ, Մենք կը համարենք ուղղուած բոլոր հոգեւոր պետերուն՝ առանց բացառութեան։ Այս խորհրդանիշերուն դէմ ուղղուած ոտնձգութիւնը հարուած է ժողովուրդին միասնականութեան, ինչպէս նաեւ համայնքներու միջեւ համակեցութեան հիմքերուն, որոնց վրայ հաստատուած է Լիբանան հայրենիքը։ Երկրի օրէնքները յստակ կերպով կը մերժեն նման վիրաւորանքներ եւ հաշուետուութեան կ՚ենթարկեն բոլոր անոնք, որոնք կը խախտեն այս սահմանները։
Այս յոյժ զգայուն հանգրուանին, որմէ կ՚անցնի երկիրը, կոչ կ՚ուղղենք հեռու մնալու պառակտիչ խօսքերէ ու արարքներէ: Տեսակէտներու տարբերութիւնը հարկ է պահել քաղաքական ու քաղաքավարական շրջագիծի մէջ: Այսօր, Լիբանանը առաւել քան երբեք, կարիքը ունի համախմբումի, միասնականութեան եւ երկխօսութեան:
Հետեւաբար, պահենք բոլոր համայնքներու եւ պատասխանատուներու միջեւ փոխ յարգանքի սկզբունքը՝ պահելով Լիբանանի միասնական ոգին եւ մեր հաւաքական առաքելութիւնը»:
Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում