Վահան Թեքեյան․ Վերջին մրմունջք
26/07/2019 21:35
Նմանատիպ
Յիշատակներ գունդագունդ կը խուԺեն վրաս այս գիշեր…
Ինչ որ եղաւ ու չեղաւ կ’անցնի մտքիս առջեւէն՝
Արեւահատ, սովահար տղոց նման լուսեղէն,
Որոնց ես մահը տեսայ ու կը լսեմ ճիչը դեռ…։
Իմ ամբողջ կեանքս այս գիշեր. իր յոյսերով, յուշերով՝
Իր վարդերուն յոյսերով, իր յուշերով փուշերուն,
Կը գրաւէ սիրտս անսէր, կ’ողողէ աչքս անքուն,
Մինչեւ կոկորդս ան կ’ելլէ իբրեւ աղի, լեղի ծով…։
Ա՜հ, լաւագոյն է չըլլալ եւ լաւագոյն է հիմայ
Դադրիլ այլեւս ըլլալէ ու երթալ հոն ուր չըկայ
Ոչ ըսպասում, ոչ պատրանք, ոչ անցեալ, ոչ ապաքայ…։
Ալ հիմայ պէտք է, հոգիս, պատրաստըւիլ լռության,
Չաւաղելով, չողբալով, եւ մոռնալով յավիտեան
Գալարատանջ երգելու այս սփոփանքն ալ ունայն…։