Լիբանանում ցուցադրվել է արևմտահայ մտավորականին նվիրված «Ես վերադարձել եմ» ֆիլմը

Լիբանանում ցուցադրվել է արևմտահայ մտավորականին նվիրված «Ես վերադարձել եմ» ֆիլմը

«Ազդակ» պարբերականի մամուլի ուսումնասիրության կենտրոնում տեղի է ունեցել «Ես վերադարձել եմ» ֆիլմի ցուցադրությունը: Այս մասին տեղեկացնում է Լիբանանում «Արմենպրես»-ի թղթակիցը: Ներկայացնում ենք հոդվածն ամբողջությամբ:

«Հինգշաբթի, 17 նոյեմբեր 2016-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ «Ես Վերադաձել եմ» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը, որ նուիրուած է արեւմտահայ մտաւորական Եղիազար Մուրատեանի ծննդեան 175-ամեակին եւ ժապաւէնի հեղինակ` հայրենի գրականագէտ դոկտ. Արթուր Անդրանիկեանի կողմէ պատրաստուած, մեծանուն մտաւորականին նուիրուած եռահատորին:

«Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան ներկայացուց հայրենի գրականագէտը եւ անոր աշխատութիւնը:

Ձեռնարկին սկիզբը դոկտ. Անդրանիկեան ներկայացուց արեւմտահայ մտաւորական Եղիազար Մուրատեանի նուիրուած եռահատորը, որուն ընդմէջէն հեղինակը հանրութեան կը ներկայացնէ ժամանակի ընթացքին մոռացութեան ենթարկուած հանճարեղ մտաւորականին իւրայատկութիւնները, քննական միտքը, իմաստասիրական ու փիլիսոփայական կարողութիւնները եւ մանկավարժական բացառիկ հմտութիւնները: Հայրենի գրականագէտը նաեւ անդրադարձաւ Մուրատեանի բանաստեղծական ստեղծագործութիւններուն եւ իւրայատուկ ոճին, որոնք մինչեւ օրս հաճելի կը նկատուին ընթերցողներուն կողմէ: Հեղինակը յատուկ կե րպով անդրադարձաւ երրորդ հատորին մէկ կարեւոր բաժինին, ուր կը ներկայացուի Մուրատեանի աշխատանքը` «Քննական պատմութիւն Արշակ երկրորդի եւ անոր Պապ որդւոյն»: Ըստ հեղինակին, պատմութեան դասաւանդութեան մէջ բաւական նսեմացուցած ենք Արշակ Բ. եւ Պապ թագաւորներու վաստակը, եւ վերոյիշեալ գործին մէջ Մուրատեան ճշգրիտ ու քննական ձեւով ուսումնասիրած է այդ ժամանակաշրջանը:

Եռահատորին ներկայացումէն ետք ցուցադրուեցաւ «Ես վերադաձել եմ» ժապաւէնը, որ պատրաստուած է դոկտ. Անդրանիկեանի կողմէ: Ժապաւէնը կ՛ընդգրկէ արեւմտահայ մտաւորականութեան հանճարներէն Եղիազար Մուրատեանի բանաստեղծութիւններէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ վկայութիւններ հայրենի հայագէտներէ եւ գրականագէտներէ: Ժապաւէնին ընդմէջէն հանրութեան կը ներկայացուին յիշողութեան արժանի մտաւորականին հմտութիւնները, անոր ֆրանսերէնին տիրապետելու պարագան, միջազգային գրականութեան եւ իմաստասիրութեան ծանօթ ըլլալու իւրայատկութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր քննադատ ական բացառիկ կարողութիւնները:

Ձեռնարկին աւարտին ուղղուած հարցումներէն մեկնելով` դոկտ. Արթուր Անդրանիկեան ներկաներուն բացատրեց, թէ ինք ինչպէ՛ս եւ ուրկէ՛ ձեռք բերած է աղբիւրները` պատրաստելու համար եռահատորը, եւ թէ ինչպիսի՛ դժուարութիւններէ անցած է այս ուսումնասիրութեան ընթացքին»:

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում