Արամ Ա-ն և Հռոմի պապը քննարկել են Արցախի հայերի վերադարձի իրավունքը

Արամ Ա-ն և Հռոմի պապը քննարկել են Արցախի հայերի վերադարձի իրավունքը
Երկու հոգեւոր պետերու միջեւ տեղի ունեցած առանձին հանդիպումին յաջորդեց պաշտօնական խօսքերու փոխանակումը՝ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան անդամներուն եւ Վատիկանի ներկայացուցիչներուն ներկայութեան:
Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ ու Վատիկանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութեան, որ աւելի լայն ծաւալ ստացած է կիլիկեան թագաւորութեան շրջանին, 11-րդ դարէն ետք: Այս յարաբերութիւնը աւելի զարգացաւ միջ-եկեղեցկան շարժումի յառաջացումով եւ իր արտայայտութիւնը գտաւ աստուածաբանական երկխօսութիւններու եւ միջ-եկեղեցական հանդիպումներու ու գործակցութեանց ճամբով: Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոս ապա անդրադարձաւ երկու կարեւոր կէտերու.-
ա) Ան իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման գծով Վատիկանի ցուցաբերած նեցուկին, ինչպէս նաեւ Արցախ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին զօրակցութեան գծով:

բ) Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Վատիկանի զօրակցութիւնը Լիբանանի գծով՝ յիշեցնելով, թէ Լիբանանը ողջ հայութեան կեանքին մէջ կարեւոր տեղ ունի, որովհետեւ ան եղած է Ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդին վերազարթօնքի կեդրոնը: Հայրապետը նաեւ ընդգծեց Լիբանանի կարեւորութիւնը իբրեւ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան երկիր:

Ապա, շեշտելով միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց յատուկ կարեւորութիւնը՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նո՛յն ոգիով ու յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր սերտ գործակցութիւնը Վատիկանի եւ ընդհանրապէս կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ:

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին մէջ դարձեալ անդրադարձաւ յատկապէս կիլիկեան շրջանին հայ եկեղեցւոյ ու կաթոլիկ եկեղեցւոյ յարաբերութեան եւ ապա անոր զարգացման, երբ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը փոխադրուեցաւ Անթիլիաս, Լիբանան: Այս ծիրէն ներս ան նաեւ ողջունեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կարեւոր դերը միջ-եկեղեցական շարժումի ծիրէն ներս, յատկապէս Եկեղեցիներու Համաշխարհակին Խորհուրդին ճամբով եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու առումով: Իր խօսքին մէջ ան նաեւ յիշեց Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետը՝ որպէս ախոյեան միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց, եւ Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան առիթով, առաջին անգամ ըլլալով յայտարարեց, թէ կաթոլիկ եկեղեցին, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի մեծ հայրապետը ներառած է հռոմէական եկեղեցւոյ Յայսմաւուրքին մէջ եւ այսուհետեւ անոր յիշատակութիւնը պիտի կատարուի կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ եւս։ Պապը նաեւ ընդգծեց Լիբանանի կարեւորութիւնը թէ՛ շրջանի քրիստոնէութեան համար եւ թէ՛ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան իմաստով:

Պաշտօնական խօսքերու փոխանակումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց պատուիրակութեան անդամ սրբազան հայրերը։ Ապա, տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում: Հայրապետը Պապին նուիրեց Բարձրբերդի Աւետարանի կրկնօրինակը, որ պատրաստուած է Կաթողիկոսարանին կողմէ, իսկ Պապը՝ Նիկիոյ Ա. Տիեզերական ժողովը ներկայացնող պղինձէ քանդակ:

Յաջորդիւ, Առաքելական Ապարանքի Ուրբանոս Ը. մատրան մէջ (Urban VIII Chapel), Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միացեալ եկեղեցական արարողութիւն մը, որ պատրաստուած էր յատկապէս հայ եկեղեցւոյ ծէսէն առնուած աղօթքներով ու շարականներով:

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում