«Ծառայե՛ք սրտանց»․ Տ․ Նորայր և Տ․ Հրայր աբեղաների ձեռնադրությունն ու օծումը Անթիլիասում
Կարդացեք նաև
Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի, Կիրակի 21 Յունիս 2026-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան կուսակրօն քահանայ (աբեղայ) ձեռնադրեց եւ օծեց դպրեվանեցի երկու բարեշնորհ սարկաւագներ՝ Յովհաննէս Պայտունեան եւ Աբրահամ Պայտունեան՝ զանոնք վերակոչելով Տ. Նորայր աբեղայ եւ Տ. Հրայր աբեղայ։
Վերջապէս, անդրադառնալով ծառայութեան ուղիին՝ Կոմիտաս սրբազան հայրը ընդգծեց. «Ջանացէ՛ք զայն իրագործել, քանզի Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ։ Աստուած սէր է։ Ծառայեցէք սրտա՛նց՝ ամուր հաւատքով, անսասան սիրով եւ խոնարհութեամբ. այն ատեն կ՚արժանանաք խոստացուած յոյսին»։
Հուսկ, «Ողջոյն»ի պահուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, միաբան հայրեր խորան բարձրացան եւ եղբայրական համբոյրով ողջունեցին նորընծաներուն մուտքը Տիրոջ անդաստանէն եւ Կիլիկեան ուխտի միաբանական շարքերէն ներս։
Օծման եւ անուանակոչութեան սրատռուչ պահէն ետք, նորընծաները կատարեցին սրբալոյս միւռոնով դրոշմուած իրենց ճակատին եւ ձեռքերու լուացումը: Հայր Նորայրի լուացումը կատարեց անոր կնքահայրութիւնը ստանձնած տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Լիւսի Գարակաւուրեան ամոլը, իսկ հայր Հրայրինը՝ տէր եւ տիկին Ռաֆֆի եւ Անահիտ Քէսմէեան ամոլը։
Տէրունական աղօթքէն անմիջապէս առաջ տեղի ունեցաւ Վեղարի օրհնութեան եւ տուուչութեան կարգը, որ կատարեալ հնազանդութեան եւ կրօնական ողջախոհութեան ուխտի խորհրդանիշն է։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, վեհարանի դահլիճին մէջ, գլխաւորութեամբ ձեռնադրիչ սրբազան հօր, ինչպէս նաեւ Դպրեվանքի տեսչական կազմի անդամներուն եւ ծնողներուն, հայր Նորայր եւ հայր Հրայր ծունկի ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։
Ապա, եկեղեցւոյ դասին մէջ հաւատացեալները մօտենալով հայր սուրբերուն՝ շնորհաւորեցին զանոնք եւ ստացան անոնց անդրանիկ օրհնութիւնը։
Նշենք, որ յառաջիկայ քառասուն օրերու ընթացքին, նորընծայ աբեղաները պահեցողութեան, աղօթքի եւ խոկումի պիտի նուիրուին Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ։
Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում