ԵՄ-ն և Լիբանանը գործակցության առաջնահերթությունների փաստաթուղթ են ստորագրել

ԵՄ-ն և Լիբանանը գործակցության առաջնահերթությունների փաստաթուղթ են ստորագրել

Լիբանանի արտաքին գործերի նախարար Ջըբրան Բասիլը Բրյուսելում ստորագրել է ԵՄ հետ գործակցության առաջնահերթությունների փաստաթուղթը: Այս մասին տեղեկացնում է Լիբանանում «Արմենպրես»-ի թղթակիցը: Ներկայացնում ենք հոդվածն ամբողջությամբ:

«Լիբանանի ընթացաւարտ կառավարութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ առաւօտեան մեկնեցաւ Պրիւքսէլ, ուր Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան յանձնակատար Ճոհաննես Հանի հետ ստորագրեց Եւրոպական Միութեան հետ Լիբաաննի գործակցութեան առաջնահերթութիւններուն փաստաթուղթը:

Փաստաթուղթին հիման վրայ Եւրոպական Միութեան եւ Լիբանանի միջեւ քաղաքական երկխօսութիւն կը կատարուի, Եւրոպական Միութիւնը երկխօսութիւն կրնայ կատարել նաեւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ, շրջանին մէջ Լիբանանի իւրայատուկ դերակատարութիւնը պէտք է պահպանուի եւ զայն ներկայացուի իբրեւ ուսանելի օրինակ, Եւրոպական Միութիւնը կը հաստատէ, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցը կարելի է լուծել միայն անոնց տունդարձով, Եւրոպական Միութիւնը գաղթականներուն օժանդակութիւն կ՛ապահովէ լիբանանեան ազգային տնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան ծրագի րներուն նպաստելու ընդմէջէն, Լիբանանի ենթակառոյցը բարելաւող ծրագիրներուն կ՛օժանդակեն, ինչպէս նաեւ քարիւղի եւ բնական կազի հարստութիւններուն մասին խորհրդաժողովներ կը կազմակերպէ, վերջապէս` Եւրոպական Միութիւնը կը խոստանայ Լիբանանին ամէն իմաստով օժանդակել` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին նպաստելու նպատակով:

Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իր երդման ճառին մէջ հաստատած է, որ Լիբանան ինքզինք զերծ պիտի կացուցէ արտաքին հարցերէն եւ պիտի որդեգրէ լիբանանեան ազգային շահերը ապահովող արտաքին քաղաքականութիւն:

«Մեր շահերուն կը ծառայէ, որ Լիբանանի կողքին գտնուի ամբողջական Սուրիա մը` իր գերիշխանութեամբ, հողային ամբողջականութեամբ, ժողովրդավարութեամբ, ազգային ինքնորոշման իրաւունքով եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն զերծ ըլլալու իրականութեամբ, որպէսզի այդ կազմակերպութիւնները Լիբանանի համար սպառնալիք չդառնան», ընդգծեց Պասիլ:

Պասիլ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ ստորագրուած փաստաթուղթը պիտի նպաստէ նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան ամրապնդումին ու տնտեսական մարզին բարելաւումին:

Իր կարգին, Մոկերինի շնորհաւորեց Լիբանանը` նախագահական ընտրութիւն կատարելու առիթով եւ դիտել տուաւ, որ անիկա քաղաքական բոլոր ուժերուն առիթ մըն է` շինիչ երկխօսութիւնը շարունակելու:

Մոկերինի ընդգծեց Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորող կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ կայացնել երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան արաբական առաջին երկիրն է, որ Եւրոպական Միութեան հետ այս փաստաթուղթը կը ստորագրէ:

Մոկերինի նաեւ ընդգծեց, որ Լիբանան մասնակից պիտի դառնայ Սուրիոյ ապագան կերտելու նպատակով ենթահող մը պատրաստելու եւրոպական ջանքերուն:

Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոյի հետ:

Էյրօ լիբանանցիները շնորհաւորեց զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու առիթով` շեշտելով, որ նախագահական ընտրութեան քայլը դրական մթնոլորտ առթած է եւ երկրին լաւատեսութիւն կը ներշնչէ:

Էյրօ հաստատեց, որ Փարիզ մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին եւ նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի տնտեսական եւ բարգաւաճման կարողութիւնները զարգացնելու կարելիութիւններուն:

Իտալացի իր պաշտօնակիցին` Փաուլօ Ճենթիլոնիի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին Պասիլ շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ կառավարութեան` լիբանանեան բանակին 3,5 միլիոն տոլարի արժողութեամբ օժանդակութիւն տրամադրելու համար: Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան-Իտալիա երկկողմանի գործակցութիւնը պիտի շարունակուի:

Իր կարգին, Ճենթիլոնի շնորհաւորեց Պասիլը` Լիբանանի նախագահական ընտրութեան կայացման առիթով»:

Հետևեք մեզ նաև Telegram-ում